Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարգ Մը Յաւելեալ Բացառութիւններով Երկրին Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

February 8, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Այս Որոշումին Դէմ
Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Կառավարութեան որոշումով Լիբանանի ամբողջական փակումը պիտի շարունակուի յառաջիկայ ութ շաբաթներուն ընթացքին, սակայն յաւելեալ բացառութիւններով:

Արտօնութեամբ տունէն դուրս ելլելու դրութիւնը պիտի շարունակուի, իսկ այսօրուընէ սկսեալ հանրախանութները պիտի բացուին, պայմանով որ քաղաքացիները արտօնութիւն ստանան եւ ապա ուղղուին հանրախանութ ու ճշդուած ժամուն աւարտեն իրենց առեւտուրը:

Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ ճաշարաններուն արտօնուած է շուրջօրեայ դրութեամբ գործել, պայմանով որ անոնք բաւարարուին միայն ճաշերու առաքումով եւ կամ ինքնաշարժով ճաշարան հասած քաղաքացիներուն պահանջի յանձնումով: Շրջաբերականը կը հաստատէ, որ բոլոր ճաշարաններուն ընդունարանները պիտի մնան փակ, եւ արգիլուած է հոն ոեւէ յաճախորդ ընդունիլ:

Մինչ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, թէ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2081 վարակուածներ եւ մահացած 54 ուրիշներ, 4 փուլերու վրայ երկշաբաթեայ դրութեամբ երկիրը վերաբանալու կառավարութեան որոշումը բազմաթիւ շրջանակներու, յատկապէս առեւտրական շրջանակներու մերժումին արժանացաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ երէկ  յետմիջօրէին ցուցարարներ փողոց իջնեն եւ փակեն կարգ մը շրջաններ:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Ժտիթայի ճամբան:

Ժամ մը ետք` 4:00-ին, ուրիշներ հրկիզուող անիւներով փակեցին Քոլայի կամուրջին տակէն Մարզական աւան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ տանող ճամբաները, Ուաթա Մսայթպէն, ինչպէս նաեւ Ռաշայա տանող ճամբան, որ մինչեւ ուշ երեկոյեան մերթ վերաբացուեցաւ, մերթ փակուեցաւ:

Երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ճաշարանային մարզի պաշտօնեաներ փակեցին Թրիփոլիի «Ապտել Համիտ Քարամէ» հրապարակը:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին ցուցարարներ փակեցին «Ռինկ»-ի կամուրջը` «Պըրժ Ղազալ»-ի խաչմերուկին մօտ:

Երկրին մէջ արձանագրուած ապահովական խախտումներու շրջագիծին մէջ շաբաթ, 6 փետրուարէն կիրակի, 7 փետրուար լուսցող առաւօտեան ժամը 3:00-ին, Ուզայիի մէջ լիբանանցի քաղաքացի Եուսեֆ Մահմուտ Մասրի սպաննուեցաւ անծանօթներու կողմէ: Մասրի սպաննուած էր, երբ ան մօտեցած էր իր ինքնաշարժին. այդ պահուն այլ ինքնաշարժ մը անցած է անոր մօտէն, եւ անծանօթներ իրենց գնդացիրներով Մասրիի վրայ 30 փամփուշտ կրակած են: Ան տեղւոյն վրայ մահացած է:

Ներքին ապահովութեան ուժերը այս ոճիրին շուրջ հետաքննութիւն բացին:

Նշենք, որ Եուսեֆ Մասրի ծնած է 1977-ին, Ղպէյրի: Ան արհեստով մեքանիսիեն էր:

Միւս կողմէ, երէկ յետմիջօրէին իսրայէլեան ուժեր կրակ բացին Մայս էլ Ժապալի բնակիչներուն վրայ, երբ անոնք Քրում Շրաքի շրջանին մէջ կը փորձէին ծառեր տնկել: Մարդկային վնասներ չարձանագրուեցան, սակայն թշնամի Իսրայէլի կողմէ արձակուած 15 փամփուշտները սարսափ պատճառեցին հողագործներուն:

Նախորդը

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Յաջորդը

Ե՞րբ Պիտի Գայ Արդար Ցասումը

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին  Աջակցութեան Խորհրդաժողովի  Նախապատրաստական Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Լիբանանեան Բանակին Աջակցութեան Խորհրդաժողովի Նախապատրաստական Ժողով

September 18, 2026
Աուն-Մաքրոն Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Մաքրոն Հանդիպում

September 18, 2026
Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա  Բ. Եռակողմ Ժողով
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Աուն-Մաքրոն-Ապտալլա Բ. Եռակողմ Ժողով

September 18, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.