Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 11, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան համաձայն, Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցնող 24 ժամուան ընթացքին հասաւ 3157-ի, իսկ մահացածներունը` 66-ի:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենիզինի սակը` 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 400 լ. ոսկիով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ընդունեց Միջազգային դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահը, որուն հետ քննարկեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած առեւտրական փոքր ձեռնարկութիւններուն օժանդակելու կարելիութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Քաթարի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան հարց չէ քննարկած:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարի կառավարութիւն կազմելու պարտականութենէն, եթէ Ծոցի կարգ մը երկիրներ մերժեն իրենց հաւանութիւնը ընձեռել Հարիրիին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի փոխնախագահ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա վերադարձած է Պէյրութի մէջ իր դիւանագիտական աշխուժութեան: Ան աւելցուց, որ ֆրանսական իշխանութիւնները սովորաբար կը յայտարարեն պաշտօնական հանդիպումներուն մասին, «հետեւաբար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ որեւէ հանդիպումի պարագային, Փարիզ այդ մասին պիտի յայտարարէ», ըսաւ ան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի փոխներկայացուցիչ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սէուտական եւ միջազգային միացեալ հարցերը: Պուխարիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլ: Քննարկուեցան շրջանային եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի շարունակէ կառչած մնալ իր կեցուածքին, ապա կառավարութիւն կարելի պիտի չըլլայ կազմել: Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունն ու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը պիտի չլքէ:

 

Նախորդը

Առաջնորդ Սրբազանին Պատգամը` Սրբոց Վարդանանց Տօնին Առիթով`

Յաջորդը

Շամմաս. «Եթէ Մեր Մարզը Հարուած Ստանայ, Ապա Պետութիւնը Պիտի Ձախողի Ընկերային Եւ Առողջապահական Իր Պատասխանատուութիւնները Ստանձնել»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?