Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Չափաւորականութեան Ու Համախոհութեան Խորհրդանիշ Ժան Օպէյտ Մահացաւ

February 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան եւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ երէկ կնքեց իր մահկանացուն:

82 տարեկան քաղաքական անձնաւորութիւնը կեանքէն հեռացաւ «Քորոնա» համաճարակին պատճառով` առանց իրականացնելու նախագահական իր երազը:

Օպէյտի կորուստով Լիբանան կորսնցուց ազգային ազնուական անձնաւորութիւն մը, որ իմաստուն էր, երկխօսութեան ռահվիրայ, ինչպէս նաեւ քաղաքական չափաւորականութեան ու համախոհութեան խորհրդանիշ:

Օպէյտ ծնած է 1939-ին: Իբրեւ իրաւաբան աւարտած է Սեն Ժոզեֆ համալսարանը: Աշխատակցած է զանազան օրաթերթերու եւ շաբաթաթերթերու, ինչպէս` «Մակազին», «Ուսպուհ Արապի», «Լիսան էլ Հալ», «Սայեատ», «Ահրար» եւ «Անուար»:

1978-1982 նշանակուած է հանրապետութեան նախագահ Էլիաս Սարգիսի խորհրդատու, 1983-1987` հանրապետութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի խորհրդատու: Այս ժամանակաշրջանին մասնակցած է Իսրայէլի հետ 17 մայիսի համաձայնագիրը չեղեալ նկատելու բանակցութիւններուն եւ բանաձեւած այդ համաձայնութեան չեղարկումի հրամանագիրը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին մասնակցած է Ժընեւի խորհրդաժողովին:

1991-ին նշանակուած է երեսփոխան` Շուֆի մարոնի համայնքին  համար:

1992-ին ընտրուած է երեսփոխան` Թրիփոլիէն: Ան վերընտրուած է 1996-ի եւ 2000-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:

2009-ին իբրեւ անկախ մասնակցած է ընտրութիւններուն, սակայն չէ ընտրուած:

2018-ին երեսփոխան ընտրուած է Թրիփոլիի մարոնի համայնքին համար:

1996-1998 նշանակուած է կրթութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան մէջ, հանրապետութեան նախագահ Էլիաս Հըրաուիի իշխանութեան ընթացքին, իսկ 2003-2004 նշանակուած է արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի կառավարութեան մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի իշխանութեան ընթացքին:

Ամուսնացած է Լուպնա Պուսթանիի հետ, որ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Էմիլ Պուսթանիի դուստրն է, եւ ունի 5 զաւակ:

Օպէյտի մահը գուժեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ` անդրադառնալով անոր կարողութիւններուն, յատկանիշներուն եւ համախոհութիւն ստեղծելու նպատակով անոր ծաւալած գործունէութեան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն գուժեց երեսփոխանին մահը` հաստատելով, որ անոր քաղաքական ուղին իմաստուն քայլերով եւ ազգային ու քաղաքական կեանքին անձնուիրութեամբ կը բնորոշուի:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի գուժեց Օպէյտի մահը` զայն նկատելով օրէնսդիր անձնաւորութիւն մը, որ մինչեւ իր վերջին շունչը կատարեալ նուիրուածութեամբ եւ անխոնջ կերպով գործած է` պահպանելու համար Լիբանան հայրենիքն ու պատգամը:

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ յայտնեց, որ Օպէյտի մահով Լիբանան կորսնցուցած է ընտիր մտաւորական մը, որ խորասուզուած էր կրօնի, քաղաքականութեան, արաբականութեան եւ պատմութեան մէջ: «Օպէյտի մահով չափաւորականութիւնը կորսնցուցած է իր կողմնացոյցը, որ մնայուն կերպով ցոյց կու տար այն իրականութիւնը, թէ լիբանանցիները դատապարտուած են համակեցութեան եւ համերաշխութեան», նշեց ան:

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի գուժեց Օպէյտի մահը` հաստատելով, որ Լիբանան կորսնցուցած է պարկեշտ անձնաւորութիւն մը, որ Լիբանանի քաղաքական կեանքը հարստացուցած է իր իմաստուն կեցուածքներով:

Օպէյտի մահը գուժեցին նաեւ երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէ, Ըսթֆեն Տուէյհի, Մոհամետ Քապպարա, Մոհամետ Քապպանի, Նաամէ Թոհմէ, Նազիհ Նաժըմ, Ֆարիտ Հայքալ Խազեն, Ասաատ Հարտան, Ուաէլ Ապու Ֆաուր, Ժիհատ Սամատ, Հատի Հպէյշ, Ալի Տարուիշ, Ալի Պեզզի, հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման, նախկին վարչապետներ Ֆուատ Սինիորա, Նեժիպ Միքաթի եւ Թամմամ Սալամ, խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի, նախկին փոխվարչապետներ Իսամ Ֆարես եւ Սամիր Մուքպել,  նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ Մարուան Համատէ, Ղազի Արիտի, Ֆաուզի Սալլուխ, Թալալ Մերեհպի, Պշարա Մըրհեժ, Անթուան Սաատ, Մոհամետ Սաֆատի, Վիոլեթ Սաֆատի, Թրիփոլիի քաղաքապետ Ռիատ Եամաք, Ժիպէյլի քաղաքապետարաններու համադաշնակցութեան նախագահ Ֆատի Մարթինոս, Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա:

Օպէյտի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Զղարթայի Ալմա գիւղաքաղաքին մէջ` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահին եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի ներկայացուցիչներուն:

Մարոնի համայնքի Թրիփոլիի առաջնորդ Եուսեֆ Սուէյֆ եպիսկոպոս թաղման արարողութեան ընթացքին հաստատեց, որ Օպէյտ իր կեանքին բոլոր փուլերուն ընթացքին ծառայած է հայրենիքին:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Իմացաւ Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ Գտնուող Պայթուցիկ Նիւթերը Գերմանիա Տեղափոխելու Պատրաստակամութիւնը

Յաջորդը

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Կը Գուժէ Ժան Օպէյտի Մահը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.