Ֆրանչիսկոս պապը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի մէջ ծառայող դիւանագիտական անձնակազմին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին ան տարբեր երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչներէն պահանջեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդումին նպաստող ազգային եւ միջազգային յանձնառութիւն մը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ իր ազգային ինքնութիւնը կորսնցնելու եւ շրջանային լարուածութիւններու միջամուխ դառնալու վտանգը:
Ֆրանչիսկոս պապը հաստատեց, որ Մայրիներու երկիրը պէտք է պահպանէ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը` երաշխաւորելու համար բազմազան Միջին Արեւելք մը, ուր քիրստոնէական ներկայութիւնը դերակատարութիւն կ՛ունենայ եւ ոչ թէ իբրեւ փոքրամասնութիւն կը գոյատեւէ:
«Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ բաղադրիչին տկարացումը կը սպառնայ լիբանանեան ներքին հաւասարակշռութիւնը քանդել», ըսաւ պապը:
Ան կոչ ուղղեց պաղեստինցի գաղթականներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը լուծելու` զգուշացնելով երկրին տնտեսական փլուզումէն:
Պապը կոչ ուղղեց քաղաքական ղեկավարներուն ու հոգեւոր պետերուն իրենց անձնական շահերը մէկդի դնելու եւ յանձնառու մնալու արդարութեան եւ բարեկարգումներու գործադրութեան: Ան շեշտեց թափանցիկ գործելու եւ իրենց կատարած աշխատանքներուն պատասխանատուութիւնը ստանձնելու կարեւորութիւնը: