Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը

February 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխան Ժորժ Աթալլա, նախկին նախարար Մանսուր Պթէյշ, քաղաքական հարցերով կուսակցութեան փոխնախագահ Մայ Խրէյշ եւ կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Անթուան Քոսթանթին:

Հանդիպումէն ետք Պթէյշ յայտնեց, որ Մար Մարունի տօնին առիթով այցելած են Ռայի պատրիարքին` շնորհաւորութիւններ փոխանցելու եւ այս պատմական տօնին առիթով Պքերքէէն քաղելու դասեր, որոնք ամէն ժամանակի եւ վայրի կը ծառայեն:

«Այսօր շնորհաւորութիւններէն աւելի ժամանակն է խորհրդակցելու եւ երկխօսութիւն կատարելու` երկիրը յուզող հարցերուն լուծումներ եւ ելքեր ապահովելու համար: Այս իմաստով մեր փափաքն էր ազգային հիմնախնդիրներու մասին քննարկումներ կատարել Ռայի պատրիարքին հետ», ըսաւ ան:

Պթէյշ ընդգծեց նաեւ, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են անյապաղ ազգային փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու կարելիութիւնները:

Պթէյշ նշեց, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան աշխատանքային առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ ազատութիւններուն նկատմամբ յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք կը դատապարտեն բոլոր սպանութիւնները եւ կը պահանջեն անոնց դրդապատճառներուն բացայայտումը:

«Կառավարութիւնը պէտք է լուծէ երկրին ելեւմտական-տնտեսական տագնապը, յանձնառու մնայ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան` բացայայտելու համար ելեւմտական ճշմարտութիւնները, բարեկարգումի օրէնքներ մշակէ` փտածութեան դէմ պայքարելու նպատակով, տուրքերու դրութիւնը բարելաւէ` զայն վերածելով աւելի արդար դրութեան մը, Լիբանանը շրջանային տագնապներէն դուրս բերէ` բացի Իսրայէլի հետ տագնապէն, լուծէ պաղեստինցի գաղթականներուն հարցը, սակայն ոչ Լիբանանի հաշուոյն, սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ամբողջացնէ եւ ամբողջ իրականութիւնը բացայայտէ», հաստատեց ան:

Ան նշեց, որ լուծումները պէտք է ներքին լիբանանեան ըլլան` աւելցնելով, որ կան հարցեր, որոնք լուծման ուղիին վրայ են եւ հաւանաբար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին լուծուին: Ան մաղթեց, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կարելի ըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել:

Պթէյշ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Պքերքէի միջեւ յարաբերութիւնները լարուած չեն, այլ` հեզասահ, ընդգծելով, որ Ռայի պատրիարքին հետ մնայուն խորհրդակցութիւն կայ:

 

Նախորդը

Կրիօ Այցելեց Տիւրզի Եւ Շիի Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն

Յաջորդը

Ուեհպէ. «Մեր Միացեալ Շահերուն Նկատմամբ Մեր Յանձնառութիւնը Շրջանին Ապահովութիւնն Ու Բարգաւաճումը Ապահովելու Հիմնասիւներէն Է»

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.