Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրը` 15 Տարի Ետք

Փետրուար 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ 6 փետրուար 2006-ին Մար Մխայել եկեղեցւոյ մէջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը արդէն իսկ 15 տարեկան է:

Այդ համաձայնագիրը եղած է հաստատուն եւ վստահելիութիւնը պահպանած` լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրելով որոշ արդիւնքներ, բայց եւ այնպէս համաձայնագիրի ստորագրութենէն 15 տարի ետք, զոյգ քաղաքական ուժերը կարիք կը տեսնեն այդ համաձայնութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու, անոր բովանդակած կէտերը բարեփոխելու եւ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ վերանորոգելու:

Այս շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի ղեկավարութիւնները կազմեցին յանձնախումբեր, որոնց պարտականութիւն տրուեցաւ ուսումնասիրել փոխըմբռնումի համաձայնագիրը եւ վերատեսութեան ենթարկել զայն` բարելաւելու իմաստով, նկատի ունենալով արձանագրուած քաղաքական զարգացումները:

Մուսաուի նշեց, որ այդ յանձնախումբերը կ՛աշխատին բարեփոխելու համար համաձայնագիրը: «Մենք կը խօսինք քաղաքական երկու մեծ ուժերու մասին, որոնք կը փորձեն փոխըմբռնումը ամրապնդել, եւ անիկա հաստատ կերպով պիտի ըլլայ յօգուտ Լիբանանի», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ այս իմաստով կուսակցութեան յառաջացուցած յանձնախումբը արդէն իսկ մշակած է համաձայնագիրին վերաբերող բարեփոխում մը, որ ներքին կուսակցական առումով պիտի քննարկուի յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին, «եւ կարճ ժամանակ ետք Ազգային ազատ հոսանքն ու Հըզպալլան պատրաստ պիտի ըլլան միացեալ հանդիպումներու ընթացքին քննարկելու համաձայնագիրի բարեփոխուած կէտերն ու յաւելումները, որոնք կրնան կատարուիլ: Մար Մխայելի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը գոյատեւեց, որովհետեւ անկեղծութեամբ ստորագրուած է եւ հիմնուած քաղաքական յստակ ընտրանքներու ու համոզումներու վրայ: Այդ համաձայնագիրը ստորագրող կողմերը գիտէին Լիբանանի դէմ նիւթուելիք դաւադրութիւններուն եւ յետին նպատակներուն մասին», շեշտեց ան:

Միւս կողմէ, շաբաթ, 6 փետրուար 2006-ին, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը գումարեց իր առցանց ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Մար Մխայելի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրը պէտք է վերատեսութեան ենթարկուի: «Այդ համաձայնագիրը Լիբանանը փրկեց սադրանքներէ եւ երկփեղկումէ, ինչպէս նաեւ արտաքին յարձակումներէ: Անիկա հեռու պահեց Իսրայէլը եւ ետ մղեց ահաբեկչութիւնը, սակայն անիկա չյաջողեցաւ օրէնքի եւ գերիշխանութեան պետութիւն կերտել: Այս համաձայնագիրը արդիւնաւէտ եւ լիբանանցիներուն ձգտումներուն ու յոյսերուն համապատասխան պահելու համար, պէտք է զայն բարեփոխել: Այլապէս` անիկա իր փայլքը կը կորսնցնէ, յատկապէս երբ զայն ստորագրող կողմերը յանձնառութեամբ չշարունակեն փտածութեան եւ փտածներու դաշինքին դէմ պայքարը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Նախաձեռնութիւնս Տակաւին Առկայ Է»

Յաջորդը

Կարգ Մը Յաւելեալ Բացառութիւններով Երկրին Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Վահան Թէքէեան Եւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարաններ

Հոկտեմբեր 24, 2025
Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?