Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ պէտք է քննչական աւելի խիստ միջոցներ որդեգրել` արգիլելու համար չարաշահումը, սննդանիւթի եւ քաղաքացիներուն տարրական կարիքներուն արտադրութիւններուն սակերը փոխելու արարքներն ու խաբեբայութիւնը:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ ընդունեց Լիբանանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց համալսարանին կարիքներն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ելեւմտական տագնապալի իրավիճակին լոյսին տակ համալսարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները: Աքըր ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի շարք մը սպաներ եւ վարչականներ` քննարկելու համար բանակին 2021-ի ամավարկը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ ցուցմունքներ տուաւ քաղաքապետարաններուն եւ քաղաքապետական համադաշնակցութիւններուն 2018-ի գումարները տրամադրելու: Ուազնիի որոշումով, այսօր քաղաքապետական անկախ սնտուկէն 300 միլիառ լ. ոսկիի գումար պիտի փոխանցուի Կեդրոնական դրամատան:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆոնթոլաքին, որ Ուեհպէին յանձնեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասի կողմէ յղուած Աթէնք այցելութեան հրաւէր մը: Ուեհպէի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան, որ խնդրեց Լիբանանի զօրակցութիւնը Չինաստանին` Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք մարդկային իրաւունքներու յանձնախումբի նիստերուն ընթացքին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1000 լ. ոսկիով, մազութինը` 900 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 400 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օթքան պենզինի թիթեղը 33.200 լ. ոսկի է, 95 օթքան պենզինի թիթեղը` 32.200 լ. ոսկի, մազութին թիթեղը` 23.300 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազի շիշը` 24.800 լ. ոսկի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը կողմնակալութիւններ չի կրնար հանդուրժել, իսկ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք է առաջնահերթութիւն նկատուի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները: Ապու Ֆաուր շնորհակալութիւն յայտնեց թրքական պետութեան եւ Չաքըլի ջանքերուն` Իտլիպի մէջ քաղաքայինները պաշտպանելու առիթով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ անուղղակի խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած է` աւելցնելով, որ Պքերքէ հաստատած է, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը «7-րդ յօդուած»-ի ուժով խորհրդաժողով կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ լիբանանեան տագնապը միջազգայնացնելու կոչ չէ ուղղած: «Երբ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա «7-րդ յօդուած»-ին մասին խօսած է եւ ըսած «ոչ մէկը մեզի հետ թող կատակէ» հանրային կարծիքը ընդվզեցնող խօսքը, Պքերքէն նկատի չէ ունեցած», ըսաւ Խազեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի ողջունեց լիբանանեան բանակը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հատուցումները արդար կերպով բաժնելուն համար: Ան պահանջեց յաւելեալ գումարներ յատկացնել` հատուցումներու բաշխումին  աշխատանքները շարունակելու նպատակով:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ կոչ ուղղեց առողջապահութեան նախարարութեան, որպէսզի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ներածելու արտօնութիւն տայ սեփական մարզին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիա վերահաստատեց Լիբանանի հետ գործակցութեան եւ անոր օժանդակութեան Իրանի պատրաստակամութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ հանդիպումէն ետք հաստատեց, որ Քուէյթ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան հասարակութեան նկատմամբ իր զօրակցութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Ապտել Քերիմ Տաայսը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ սպառնաց երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին ընդհանուր գործադուլ եւ բողոքի նստացոյցեր կատարել, եթէ կառավարութիւնը հանրային մարզի պահանջներուն չընդառաջէ:

 

 

Նախորդը

Բեմի Առիւծը

Յաջորդը

Երեսփոխան Թերզեան Մասնակցեցաւ Տնտեսական Եւ Ընկերային Խորհուրդի Առցանց Նիստին

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?