Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Անթուան Հապշի, Ժորժ Օքէյս, Ֆատի Սաատ, Իմատ Ուաքիմ, Էտի Ապի Լամաա, Շաուքի Տաքքաշ, Զիատ Հաուաթ, Ժոզեֆ Իսհաք, նախկին նախարարներ Մէյ Շիտիաք, Ռիշար Գույումճեան, Մըլհեմ Ռիաշի եւ Քամիլ Ապու Սլէյման, ինչպէս նաեւ Անթուան Մըրատ:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապներէն դուրս բերելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ տագնապները լիբանանցիներուն հիւծումին պատճառ դարձած են:
Հանդիպումէն ետք Հապշի յայտնեց, որ Լիբանանի չէզոքութիւնը պատմական է` աւելցնելով, որ անիկա Լիբանանի հիմնադրութեան օրէն իսկ գոյութիւն ունի:
«Լիբանանի անկախութիւնը յայտարարած կառավարութիւնը նաեւ Լիբանանի չէզոքութիւնը յայտարարած էր` Արեւելքի եւ Արեւմուտքի հանդէպ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ չէզոքութենէն հրաժարիլ կը նշանակէ Լիբանանը մղել դէպի իր միասնականութեան սպառնացող տագնապները:
Հապշի հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին առաջարկը դրական է եւ կը միտի բոլորը փրկել` նկատել տալով, որ լիբանանցիները այսօր դժոխային պայմաններու մէջ կ՛ապրին, որովհետեւ Լիբանանի անունը մխրճուած է ամերիկեան-իրանեան տագնապին մէջ:
Ռայի պատրիարքին այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ղազի Արիտի` գործուղուած Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Արիտի պատասխանեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութեան` տալով հետեւեալ հարցը. «Մէկը լսե՞ց, որ Ռայի պատրիարքը «7-րդ յօդուած»-ին մասին կը խօսի»:
Պքերքէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Արիտի յայտնեց, որ միջազգային խորհրդաժողովին նպատակն է Լիբանանի զօրակցութեան շուրջ երկիրներու միասնականացումը, ինչպէս էր պարագան Սեն Քլուի խորհրդաժողովին եւ Թաէֆի համաձայնագիրին ընթացքին:
Արիտի հարց տուաւ, թէ արդեօք լիբանանցիները արժանի չե՞ն Լիբանանը փրկող համաձայնութեան մը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը նախանցեալ օր ընդունած էր Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով երկրին տնտեսական եւ ընկերային տագնապներն ու լիբանանցիներուն վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը:
Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի յատուկ միջազգային խորհրդաժողով կազմակերպելու առումով Ռայի պատրիարքին պահանջը:
Հանդիպումին ընթացքին Ռուշտի ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ը միշտ կը զօրակցի Լիբանանին, ներառելով անոր կազմակերպութիւններուն կողմէ Լիբանանին մատուցուած մարդասիրական օժանդակութիւնները` յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին լոյսին տակ:
Նշենք, որ «Թայյար» կայքին համաձայն, Ռայի պատրիարքը երկու օր առաջ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին փորձած էր միջնորդել անոր մօտ, որպէսզի սէուտական իշխանութիւնները Հարիրիին առիթ մը տան այցելելու Ռիատ եւ փակելու սէուտական ղեկավարութեան հետ անոր տարակարծութիւնը:
Նոյն կայքը նշած էր, թէ Ռայի պատրիարքը Պուխարիէն խնդրած է զօրակցիլ Հարիրիին` նկատի ունենալով սիւննի համայնքին մէջ անոր օրինական ներկայացուցչութիւնը, եւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը դիւրացնել: