Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հետեւեցաւ Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Արձանագրուած Ապականումի Թղթածրարին

February 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ լիբանանեան ջուրերուն մէջ Իսրայէլի կողմէ թափուած նաւթին պատճառով արձանագրուած ապականումի թղթածրարին:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի ծովափի երկայնքին պէտք է կենսոլորտային յստակ աշխատանքներու դիմել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ այդ ապականումին: Ան աւելցուց, որ հարաւային Լիբանանի ծովափներէն սկսեալ մինչեւ Ռամլեթ Պայտայի երկայնքին ծովափի աւազներուն վրայ նաւթի սեւ հետքեր կը նշմարուին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Չաքըլը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու անոր ջանքերուն համար, եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Անթուան Փանօ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Աուն Փանոյի հետ քննարկեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքները վերացնելու իմաստով ի գործ դրուած ճիգերուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Մէկ Պատուիրակութիւնն Ու Ապպաս Իպրահիմը

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետներուն Արձագանգը` Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցած Դէպքերուն

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.