Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Պասիլի Նախաձեռնութեան Նկատմամբ Դրական Հակազդեցութեան Չգոյութիւնը Զարմանք Կը Պատճառէ»

Փետրուար 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կը մերժէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւին մէջ արձանագրուած նախապատուութիւններու իրականութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ յարգելու այն կանոնները, թէ ներկայիս պատուաստը պէտք է ստանան տարեցներն ու «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն հետ անմիջական կապի մէջ եղող բժիշկները, հիւանդապահները, դեղագործներն ու բժշկական անձնակազմերը:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ քաղաքացիներն ու պատասխանատուները յանձնառու մնան այդ կանոններուն` ընդգծելով, որ միջնորդութիւն օգտագործելով կարելի չէ ժողովուրդի կեանքի եւ առողջութեան իրաւունքները ոտնահարել:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ համախմբումը կառչած կը մնայ կառավարութիւնը սահմանադրական կանոններուն եւ Ազգային ուխտին հիման վրայ կազմելու կարեւորութեան:

«Բայց եւ այնպէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերեալ Պասիլի նախաձեռնութեան նկատմամբ դրական հակազդեցութեան չգոյութիւնը զարմանք կը պատճառէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով նախաձեռնութիւնը, որ կ՛ըսէր, թէ կառավարութիւնը պէտք է կազմել արդարութեան եւ գործակցութեան, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներու փոխարէն կառավարութեան կազմութիւն տարազներուն հիման վրայ:

«Համախմբումը այս անտեսումն ու քաղաքական պարունակէ պարպուած կեցուածքները կը նկատէ փաստ մը, որ կառավարութեան կազմութեան ազգային տագնապին դիմաց` ուրիշներ զբաղած են միայն իրաւունքներուն վրայ ձեռք դնելու նպատակներ իրագործելով: Համախմբումը կը յարգէ նաեւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող կառավարութեան մը կազմութիւնը, եւ այս շրջագիծին մէջ կը զօրակցի Խալտէի հանդիպումին` մերժելով տիւրզի համայնքին մէկ նախարար յատկացնելով համայնքը իրաւազրկել: Համախմբումը կը զօրակցի նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի պատրիարքին եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն համայնքին իրաւունքներուն տէր կանգնիլ` կառավարութեան մէջ մէկէ աւելի նախարար ունենալով», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը նկատել տուաւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թղթածրարին հետապնդումին համար նոր դատաւորի մը նշանակումը իսկական առիթ է` լիբանանեան դատական իշխանութեան առանցքին նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու, ինչպէս նաեւ ճշմարտութիւնը իմանալու առումով զոհերուն ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն յոյսը բարձրացնելու:

 

Նախորդը

Հարիրի. «Պահանջուածը Անկուսակցական Նախարարներով Կազմուած Կառավարութիւն Է»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Արիտիի Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքի Զօրակցական Այցելութիւնները

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?