Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Ս. Զատկուան տօնին առիթով երկիրը դարձեալ երեք օրով  փակ պիտի մնայ վաղը` շաբաթ, 1 մայիսի առաւօտէն մինչեւ  երեքշաբթի, 4 մայիսի առաւօտ: Այս ընթացքին կրնան երթեւեկել նախապէս յայտարարուած յատուկ մարզերու անդամները: Նմանապէս, քաղաքացիներ կրնան երթեւեկել այս գծով հաստատուած ելեկտրոնային յատուկ հարթակի «հաւանութիւնը» ստանալէ ետք:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան աղբիւրներուն համաձայն, վերջին 24 ժամերուն Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են 1478 պարագաներ եւ 27 մահ արձանագրուած է:

ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ հետապնդումէ ետք ի վերջոյ լիբանանեան պատկան ուժեր կրցան ձերբակալել թմրեցուցիչներու մաֆիայի ղեկավար Հասան Մոհամետ Տըքքոն: Ան ծանօթ է իբրեւ Լիբանանի «Էսկոպարը»:

ՔԵՍՐՈՒԱՆԻ Ֆթուհ շրջանին մէջ զինեալ մը դանակի հարուածներու սպառնալիքով կողոպտած է «Քարին» դեղարանի սեփականատէրը` զայն մահուան սպառնալիքի տակ արգելափակելով դեղարանի լուացարանը եւ կողոպտելով սնտուկի բոլոր գումարները: Ան նաեւ գողցած է դեղարանի սեփականատիրոջ ինքնաշարժը եւ անհետացած:

ՊԵՔԱԱՅԻ դատախազներէն Ամանի Սալամէ կանխարգելիչ կալանք դնել տուաւ լիբանանեան 14 դրամատուներու եւ անոնց գործադիր խորհուրդի նախագահներու կալուածներուն վրայ` խաբեբայական արարքներու կասկածանքով: Ըստ պատկան աղբիւրներու, այս քայլին պիտի յաջորդեն նմանօրինակ քայլեր, առնչակից դրամատնային այլ անձնաւորութիւններու դէմ:

ԲԱՆԱԿԸ երէկ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, բանակի հրամանատար, զօրավար Ժոզեֆ Աուն վերջերս հանդիպում ունեցած է սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հետ: Հաղորդագրութիւնը թելադրեց որեւէ հարցի գծով հետեւիլ բանակի յատուկ պաշտօնական կայքին հրապարակած տեղեկութիւններուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ Պուսթրոս պալատի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց լիբանանցի արուեստագէտներու մէկ պատուիրակութիւնը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց մօտ ինը օրերէ ի վեր Սէուտական Արաբիոյ մէջ արգելափակուած (ըստ ոմանց` անհետացած) լիբանանցի երգահան Սամիր Սֆէյրի «ճակատագիրը»: Վաթսունամեայ երաժիշտ արուեստագէտը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թունդ համակիրներէն է:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Հոգեհանգիստ` «Թռչնոց Բոյն»-ի Մէջ

Յաջորդը

Հարազատի Մը Կողմէ Յայտնաբերուած . Պատառիկ Մը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Միխայիլ Նայիմէի Գրութենէն

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?