Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրի Տագնապներուն Սաստկացման Զուգահեռ` Փրկարար Նախաձեռնութիւնները Թափ Կ՛առնեն

Ապրիլ 29, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Օրը նոր, տագնապը` նոր» մթնոլորտի մէջ լիբանանցի վարիչներ կը փութան կանխել երկրի տնտեսական վիճակի փլուզման վտանգը, որովհետեւ անիկա իր հետեւանքներով ժխտական անդրադարձ պիտի ունենայ նաեւ այլ մարզերու կացութեան վրայ` երկիրը մատնելով անյոյս վիճակի: Արդարեւ, նախագահ Աուն երէկ` չորեքշաբթի, 28 ապրիլին նախաձեռնեց Արաբական տնտեսական հասարակաց շուկայի ստեղծման` Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի միջեւ: Քայլ մը, որուն իրագործումը կրնայ զարկ տալ երկրի տնտեսութեան ու բարգաւաճման ճիգերուն: Նախագահ Միշել Աուն իր այս նախաձեռնութիւնը բացայայտեց ճարտարարուեստի պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք երէկ այցելեցին Պաապտայի պալատ` տագնապի լուծման գործնական քայլերու ձեռնարկման առաջադրանքով: Խորքին  մէջ նախագահ Աուն վճռած է կանխարգիլել որեւէ քայլ, որ կրնայ վնասել Լիբանանի վարկին` յաչս արտաքին աշխարհին:

Միւս կողմէ, Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութիւնը Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան հետ ձեռնարկած է աշխատանքի` առիթ ստեղծելու երիտասարդ տարրերու մարդուժին համար:  Այս մասին յստակացուց Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Նասրաուի երէկ` կոչ ուղղելով երիտասարդ լիբանանցիներուն դիմելու իրենց յատուկ ճարտարարուեստի կայքին եւ աշխատանք ձեռք ձգելու ըստ իւրաքանչիւրի կարողականութեան յարմարութիւններուն:

Դարձեալ տնտեսական-ելեւմտական ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին գործնապէս ընթացք առնէ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան յառաջացուցած լումայափոխներու յատուկ ելեկտրոնային հարթակը` «Սայրաֆա», որ ըստ մասնագէտներուն կրնայ անմիջական նուազում պատճառել ամերիկեան տոլարին սակագինին, լիբանանեան սեւ շուկային մէջ: Մօտ մինչեւ տասը հազար լիբ. ոսկիի նահանջելիք տոլարին սակագինը կրնայ խոստմնալից իրագործում նկատուիլ` կացութեան բարելաւման ուղղութեամբ:

Նաեւ` Քաղաքական Առումով

Տնտեսական թէ ընկերային տագնապներու լուծման ճիգերը նոյն թափով կ՛ընթանան նաեւ քաղաքական ոլորտին մէջ: Փաստօրէն, իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի մարոնիներու Ռայի պատրիարքին հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն պիտի յաջորդէ Հարիրիի Պքերքէ այցելութիւնը:

Նմանապէս` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերջերս առաջադրած նախաձեռնութեան կողքին, փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ արտայայտուեցաւ «Անկախ երեսփոխաններու համախմբում»-ի կազմութեան մասին` միաժամանակ նշելով, որ այս համախմբումի կազմութենէն աւելի կարեւորը անոր ներկայացուցչութիւնն է: Այլ խօսքով` Ֆըրզլի խիստ հաւանական կը նկատէ խնդրայարոյց քրիստոնեայ երկու նախարարներու ինքնութեան հարցը «լուծել» նորակազմ նշեալ համախմբումի անդամներէն ընտրուած անկախ երեսփոխաններու մասնակցութեամբ:

Զուգահեռաբար, կարելի չէ անտեսել Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի վերջերս կատարած կոչը լիբանանցի ղեկավարներուն` փութալու միջլիբանանեան լուծման, առանց որուն անօգուտ պիտի ըլլան արտաքին բոլոր ջանքերը:

Նաեւ, քուլիսներու ետին աշխատանք կը տարուի պետական աջակցութեան նպաստի ժամկէտը երկարաձգելու գէթ մինչեւ յառաջիկայ յուլիսի աւարտը, փոխան մայիսին, ինչ որ իրականանալու պարագային նոյնպէս դրական իրագործում կը նկատուի` տագնապին բռնկեցումը յետաձգելու իմաստով:

Իսկ արտաքին  մակարդակի վրայ, հայեացքները սեւեռած են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի Մոսկուայի մէջ ունենալիք խորհրդակցութեանց վրայ: Արդարեւ, ինչպէս որոշուած էր, Պասիլ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հիմնականին մէջ ռուս պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի հարցը: Նմանապէս, ծովային սահմաններու ճշդման հարցը առանցքային օրակարգ պիտի ըլլայ: Ըստ դէտերու, կառավարութեան կազմութեան հարցը նոյնպէս կրնայ քննարկուիլ, թէեւ անիկա «օրակարգի վրայ չէ», նշուած է Պասիլի մօտիկ աղբիւրներուն կողմէ:

Այս գծով դրական քայլեր կը նախատեսուին, ինչ որ կրնայ յանգիլ կացութեան բարեփոխման «ռուսական նախաձեռնութեան», յատկապէս նկատի ունենալով ռուս պատասխանատուներու «բարեկամական» յարաբերութիւնները լիբանանեան գրեթէ բոլոր առնչակից կողմերուն հետ:

Փոխադարձաբար, ամերիկեան դիւանագիտական շրջանակներ մօտէն կը հետեւին Լիբանանի կացութեան ու չեն զլանար իրենց օգնութիւնը Լիբանանին: Ամերիկացիք մեծ համարում ունին լիբանանեան բանակի կարողութիւններուն նկատմամբ եւ այս բանակը շրջանին մէջ լաւագոյնը կը նկատեն: Այս գծով ամերիկեան վարչամեքենային մէջ, Լիբանանի յատուկ աշխատանքի խմբակի գործադիր տնօրէն, Մարոքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Էտուար Կապրիէլ հիմնական երեք կէտերու մէջ կը սահմանէ Լիբանանի օժանդակութեան ծրագիրը, ըստ որուն պիտի ըլլայ լիբանանցիներու անմիջական տնտեսական օժանդակութեան ծրագիր, երկրորդ` Միացեալ Նահանգներ պիտի ղեկավարեն լիբանանցիներու անգործութեան, առողջութեան թէ սովի տագնապներու լուծման միջազգային ընկերութեան ճիգերը, իսկ երրորդ` այս օժանդակութիւնը հիմնականին մէջ պիտի յատկացուի լիբանանցի ժողովուրդին եւ ոչ թէ ղեկավարութեան:

Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք կը հետեւին ժամանակին հետ մրցակցութեան իջած վարիչներու ճիգերուն` մաղթելով, որ գէթ այս ձեւով կարելի ըլլայ կանխել երկրի տնտեսական եւ ինչու չէ քաղաքական փլուզումի վտանգին սպառնալիքը:

Նախորդը

Հարազատի Մը Կողմէ Յայտնաբերուած . Պատառիկ Մը` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Միխայիլ Նայիմէի Գրութենէն

Յաջորդը

Աւելի Քան 65 Քոնկրեսականներ Ներկայացուցիչներու Տան Կոչ Ուղղած Են Աւելի Քան 100 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն Յատկացնելու Հայաստանին Եւ Արցախին

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?