Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հրատապ Հարցերու Լուծման Ժամկէտներուն Ընդառաջ. Բազմակողմանի Ճիգեր` Փրկարար Եզրայանգումի Առաջադրանքով

Ապրիլ 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տնտեսական-ելեւմտական պիտակի տակ ծայր առած տագնապը հետզհետէ կը ճիւղաւորուի` «վարակելով» նաեւ երկրի այլ կենսական ոլորտները` քաղաքականէն մինչեւ դատական ու յարակից մարզեր, երկրի վարիչները դնելով համընդհանուր փլուզումի վտանգի սպառնալիքին դէմ յանդիման:

Փաստօրէն, նախագահ Միշել Աուն երէկ` հինգշաբթի վերյիշեցուց իրաւական հաշուեքննութեան ժամկէտի համրուած օրերու մօտեցումը` պահանջելով պատկան կողմերէն ընդառաջել փաստաթուղթերու յանձնումի ակնկալուող քայլերուն:

Նմանապէս` լիբանանեան տարբեր կողմեր շտապ ժամկէտ տուած են հրատապ հարցերու լուծման կծիկը քակելու կոչուած` կառավարութեան կազմութեան գծով` նշելով, որ այս հարցի լուծման իւրաքանչիւր օրը խիստ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենայ երկրին վրայ, ուր «քաւութեան հիմնական նոխազը» իր օրապահիկի ապահովումով ու օր մը եւս ողջ մնալու ճիգով տարուող քաղաքացին է:

Հրատապ հարցերու այս տագնապը առաւել եւս շեշտուեցաւ, երբ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ երեկոյ հրապարակեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի նախազգուշացման այն յայտարարութիւնը, թէ Ֆրանսա մօտէն կը հետեւի Լիբանանի կացութեան զարգացումներուն եւ կը պատրաստուի պատժամիջոցներ տնօրինելու լուծման ճիգերը արգելակող անձնաւորութիւններուն դէմ: Միւս կողմէ լրատուական աղբիւրներու համաձայն, Ֆրանսա յստակ ցանկ մը չէ պատրաստած տակաւին, սակայն աշխատանք կը տարուի արգիլելու քաղաքական թէ փտածութեան մեղսակից  կասկածելի անձնաւորութիւններու Ֆրանսա մուտքը: Տողատակի նաեւ իմացուեցաւ, թէ Ֆրանսա իր ճիգերը պիտի ամրագրէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու հետ գործակցաբար: Սակայն աւելի ուշ, ֆրանսական դեսպանատունը հրապարակեց դեսպան Անն Կրիոյի թուիթըրեան այն գրառումը, ուր Կրիօ կը վերահաստատէ Ֆրանսայի նախանձախնդրութիւնը` կառչած մնալու իր այլազանութեամբ միակամ Լիբանանին, եւ Ֆրանսա միշտ ու ամէնուրեք զօրավիգ է լիբանանցիներուն:

4 Օգոստոս, 2021-ի Ժամկէտը

Լիբանանի պատկան կողմերը լուծման ճիգերու «քաջալերող» արտաքին ճնշումներու ծիրին մէջ, լիբանանեան բանջարեղէնի թէ պտուղներու ներածման սէուտական արգելքէն ետք նաեւ Եւրոպական Միութիւնը 4 օգոստոս 2021-ը ճշդեց իբրեւ հիմնական ժամկէտ` Պէյրութի նաւահանգիստի հարցին եւ երկրի քաղաքական տագնապի լուծման գծով: Այլապէս` Եւրոպական Միութիւնը պիտի հարկադրուի դիմելու միջազգային հետաքննութեան գործնական քայլերու` բացայայտելու համար յանցագործները:

Այս ժամկէտներուն ընդառաջ լիբանանցի վարիչներու ճիգերուն առանցքը կազմեցին փրկարար միջոցառումներու նախաձեռնութիւնները, փրկելու համար այն, ինչ որ կարելի է, նախքան փլուզումի ինքնակոչ սպառնալիքին իրականացումը: Այս ծիրին մէջ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի փութաց դիմելու Սէուտական Արաբիոյ պատկան կողմերուն` թախանձագին խնդրելով Լիբանանի կողքին կանգնելու ներկայ դժուար կացութեան մէջ: Մէկ մայիսին աւարտող լիբանանեան արտադրութիւններու ներածման պայմանագիրի վերանորոգման ժամկէտը յարգուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիա «մասնակիօրէն» ընդառաջեց Լիբանանի խնդրանքին` արտօնելով երկրի սահմանի մուտքին սպասող լիբանանեան ապրանքատար փոխադրակառքերու մայրաքաղաք Ռիատ մուտքը: Աւելի՛ն, Ֆահմի իր վճռական քայլերը շարունակեց ու երէկ` հինգշաբթի, 29 ապրիլի առաւօտուն անակնկալ «այցելութիւն» մը տուաւ Պէյրութի օդակայանի ապրանքներու բեռնաւորման բաժանմունքը` մօտէն ստուգելով  Պէյրութի օդակայան մուտք գործող կամ հոնկէ մեկնող ապրանքներու քննութեան յատուկ գործիքներու եւ սարքերու (սքենըր) «օրինաւոր» գործունէութիւնը:

Նմանապէս, դատական պատժական «թաթը շարժեցաւ» ու նախընթաց մը կազմելով (եթէ ոչ տարիներու գերակայ թապուները փշրելով ) դատական կալանքի ազդանշաններ դրուեցան փտածութեամբ մեղադրուող դրամատնային «պարագլուխներու» կալուածներուն վրայ: Ինչպէս նաեւ, դատախազ Թաննուս խուզարկել տուաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի եղբօր` Ռաժա Սալամէի գրասենեակը` անհրաժեշտ սարքեր եւ տեղեկութիւններ «գրաւելով» հոնկէ ու կարմիր մոմով փակելով անոր գրասենեակը:

Արտաքին Հարթակներու Վրայ Եւս

Ներքին մակարդակի ճիգերու կողքին, արտաքին մակարդակի վրայ եւս ուշագրաւ քայլեր արձանագրուեցան: Արդարեւ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ Մոսկուայի մէջ Լիբանանի հարցերը փոխադրեց ռուս  պատասխանատուներու քննարկման օրակարգի սեղանին վրայ: Այս իմաստով, Պասիլ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ, նախքան այդ տեսակցելով ռուս բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ, քննելով սուրիացի տեղահանուածներու եւ ծովային սահմաններու ինչպէս նաեւ այլ առկախ հարցեր: Ապա մամլոյ միացեալ ասուլիս մը տալով Պասիլ շեշտեց Ռուսիոյ դերակատարութեան կարեւորութիւնը շրջանի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի խրթին հարցերու հարթումի ճիգերուն մէջ: Նշելով Լիբանանի այժմու ոչ նախանձելի իրավիճակը` քաղաքական թէ փտածութեան արարքներու պատճառով, Պասիլ ռուս պատասխանատուներէն խնդրեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին խթանելու եւ մղելու, որ գործնական քայլերու դիմէ կառավարութեան կազմութեան գծով: Եռօրեայ իր այցելութեան ընթացքին Պասիլ տակաւին պիտի շարունակէ իր խորհրդակցութիւնները ռուս պատկան պատասխանատուներուն հետ, Լիբանանը յուզող հրատապ հարցերուն գծով, ինչպէս` սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին եւ ծովային սահմանագիծերու ճշդումի բանակցութեանց գծով: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի ամերիկացի բանագնաց Ճօն Տորշըրի Լիբանան ժամանումը յառաջիկայ երկուշաբթի, 3 մայիսին, մասնակցելու համար հարաւի ծովային սահմանի բանակցութեանց վերսկսման, իսրայէլեան կողմին հետ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ի Կազմակերպութեամբ Բողոքի Ցոյց` Ընդհանուր Դատախազութեան Շէնքին Դիմաց

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը
Լիբանանեան

Պըրրի. «Հարաւային Լիբանանին Սպառնացող Իսրայէլեան Վտանգները Բոլոր Լիբանանցիներուն Կը Սպառնան»

Նոյեմբեր 13, 2025
Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը  Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման  Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»
Լիբանանեան

Պըզրի. «Ընտրական Օրէնքը Չքննարկելը Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Կայացման Կարելիութիւնը Պիտի Վտանգէ»

Նոյեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?