Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը կեանքը անկարելի կը դարձնէ:
Համատ պըն Ժասեմ յայտնեց, որ Լիբանան իր տագնապէն դուրս գալու համար արտաքին միջամտութիւններու կարիք չունի, այլ` լիբանանեան քաղաքական ուժերուն կողմէ սեղանի մը շուրջ նստելու եւ երկրին ապագան որոշելու ու քննարկելու կարիք:
«Լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններն ու համայնքապետները այսօր աւելի քան երբեք կարիքը ունին երկխօսութեան, որպէսզի գոյացնեն այնպիսի համախոհութիւն մը, որ երկիրը քանդումէ դուրս կը բերէ», յայտնեց Համատ պըն Ժասեմ: