Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հանդիպումներ Ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյին Եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին Հետ

April 28, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի պաշտօնական ներկայութիւնը ապահովելու նպատակով Հայաստան գտնուող երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի իրադարձութիւնները, Արցախի պատերազմը, Պէյրութի պայթումը, երկու երկիրներուն մէջ տիրող քաղաքական անկայունութիւնը, ընկերային եւ տնտեսական տագնապներն ու արտագաղթի երեւոյթը:

Ներկաները ողջունեցին նախարարի պաշտօնակատարին աշխատանքն ու ճիգերը` շեշտելով, որ սփիւռքը նեցուկ է Հայաստանին:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ բարոյական եւ ազգային արժէքներու վրայ կեդրոնանալու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք համագործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց, որ Արցախի մէջ ճակատամարտ մը կորսնցնելով պատերազմը իր աւարտին չէ հասած, այլ կը շարունակուի, ինչպէս որ պայքարը կը շարունակուի:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին Հետ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամները, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի գլխաւորութեամբ, ընդունեցին նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը:

Հանդիպումին Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները ապրեցան ծանրագոյն ողբերգական ժամանակաշրջաններ: Ան նկատել տուաւ, որ արցախեան վերջին պատերազմին իբրեւ հետեւանք այսօր բռնազաւթուած է Արցախի մեծագոյն հատուածը, զոհուած են բազմահազար հայորդիներ, անորոշ է ո՛չ միայն Արցախի մնացեալ հատուածին, այլ նաեւ Հայաստանի ապագան, վտանգուած են Հայաստանի սահմանները, իսկ Հայաստանի տնտեսութիւնը կը գտնուի կաթուածահար վիճակի մէջ: Ան նշեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ժողովուրդին հաւաքական շահերը չեն պաշտպաներ, այլ` ապազգային եւ հակապետական վարքագիծով կ՛առաջնորդուին:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներուն ջերմ ընդունելութեան համար` Վ. Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ 2019-էն ի վեր Լիբանանը կը գտնուի ընկերային-տնտեսական դժուար կացութեան մէջ, միաժամանակ` լիբանանահայութիւնը ուշի-ուշով կը հետեւի հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Ներկաները քննարկեցին նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ նորահաս հայ սերունդին ազգային-պետական դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութիւնը` նկատել տալով, որ առկայ համաշխարհայնացման պայմաններուն մէջ ինչպէս հայրենիքի, նոյնպէս ալ սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդութեան ազգային դաստիարակութիւնը կենսական անհրաժեշտութիւն է:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայրենադարձ լիբանանահայութեան խնդիրներուն: Գերագոյն մարմինի անդամները յայտնեցին, որ Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցի հովանիին տակ կը գործէ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակը, որուն ջանքերով հայրենադարձները յուզող խնդիրներուն լուծումներ կ՛ապահովուին:

Հանդիպումին աւարտին ընդգծուեցաւ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ի շահ երկու պետութիւններու բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան խորացման:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Եւ Ազգային Ուժերու Համախմբումը Կ՛ողջունէ Հայ Ժողովուրդի Դիմադրողական Ոգին

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ. Վ. Օհանեան-Գէորգեան Տեսակցեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ Եւ Համաձայնագիր Ստորագրեց Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարին Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.