Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապահովագրութեան բոլոր հաստատութիւնները` Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը, Համագործակցականն ու բանակին յատուկ ապահովագրութեան սնտուկը, սնանկացած են: Ան նշեց, որ բոլոր այս հաստատութիւնները ֆինանսաւորումի կարիք ունին` աւելցնելով, որ անձնական հիւանդանոցները կը մերժեն Համագործակցականի, ապահովութեան ուժերու եւ բանակի հիւանդ պարագաները ընդունիլ:
«Եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը շարունակէ այս ընթացքով մնալ, ապա ապահովագրող բոլոր կողմերը իրենց ծառայութիւնները պիտի կասեցնեն», շեշտեց Խուրի: