Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 300 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն 35 առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրին դէմ արդէն իսկ դիմադրողականութիւն ունի: Ան հաստատեց, որ այդ համեմատութիւնը 80 առ հարիւրի կարելի պիտի ըլլայ հասցնել մինչեւ տարեվերջ:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ նախարարութիւնը կուսակցութիւններու ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար: «Մեզի համար կարեւոր է, որ նստացոյց կազմակերպող կողմը յանձնառու մնայ ցոյցի պայմաններուն գործադրութեան», ըսաւ Ֆահմի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան յապաղումին: «Այս շրջագիծին մէջ անոնք կը գործեն «Ժըպրան կամ դժոխք» կարգախօսով», հաստատեց ան:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ընկերութիւնը ներկայացնող խմբաւորումներ շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստին դիմաց գտնուող «Արտերկրի լիբանանցին» խորհրդանշող արձանին կից կատարեցին ցոյց մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեցին կազմելու փոխանցման շրջանի կառավարութիւն մը, որուն ներկայացուցիչները ներկայ քաղաքական վարչակազմին հետ ոչ մէկ կապ ունենան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Լիբանանի ներկայ քաղաքական իշխանութիւններուն նկատմամբ արաբական եւ միջազգային վստահութիւնը կորսուած է` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, երեսփոխանական աղբիւրներէ քաղելով իր տեղեկութիւնները, կը գրէ, թէ Արեւմուտքի երկիրներու դիւանագէտներ լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են` Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին կը յայտնեն, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի դերակատարութիւնը յստակ է` սուրիական վարչակարգին եւ անոր նպատակներուն իրագործման համար բացայայտ ծածկոյթ ապահովելու իմաստով:

ՊԵՆԶԻՆԻ կայարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի անդամ Ժորժ Պրաքս կոչ ուղղեց պետութեան կողմէ վառելանիւթին տրուած նպաստը չկասեցնելու` աւելցնելով, որ պենզինը լիբանանեան ջուրեր հասած նաւերուն մէջ կը գտնուի:

ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹ բաժնող ընկերութիւններու ներկայացուցիչ Ֆատի Ապու Շաքրա յայտնեց, որ պենզինի տագնապ գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ վառելանիւթ ներածող կարգ մը ընկերութիւններ երէկ յայտնած են, թէ պենզինի տագնապը աւելի եւս պիտի շեշտուի: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն լուծելու այս հարցը` ընդգծելով, որ անոր միակ լուծումը նոր կառավարութեան կազմութիւնն է:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի շեշտեց, որ ինք բնաւ հետաքրքրուած չէ պետական մարզին մէջ գործելով` աւելցնելով, որ երկրին վարչակարգը պատասխանատու է լիբանանցիներուն դժբախտութեան:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան հրահանգներուն համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ Պեքաայի Տէյր Զնուն շրջանին մէջ գրաւեցին 7 թոն հաշիշ, որ տեղադրուած էր շրջանին մէջ գտնուող հին իրերու բացատի մը մէջ:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն. Համազգայինը` Ռուսիոյ Մէջ

Յաջորդը

Վե՛րջ Պարտուողականութեան

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.