Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 150 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Հիքմաթ Տիպը, որուն հետ քննարկեց Պաապտայի բարգաւաճման կարիքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Դիմադրութեան եւ Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնին առիթով պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ այսօր` երեքշաբթի, 25 մայիս 2021-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան եւ դեսպանատան միջեւ գործակցութիւնը, յատկապէս Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն, յատկապէս անոնց, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են բարեկարգումներուն հետ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալեց 10 յանցագործներ, որոնք դէպի Սուրիա վառելանիւթ կը մաքսանենգէին: Բանակը գրաւեց 5 ինքնաշարժներ, 3 մոթորսիքլեթներ, 1 փոխադրատար, որոնք կը փոխադէին 3100 լիթր պենզին եւ 440 լիթր մազութ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի համադաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շնորհաւորեց հարաւային Լիբանանի ազատագրումը` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ սրտերու լուացման եւ հաշտութեան հանդիպում պէտք է կայանայ:

ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըր կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը` բաղկացած մասնագէտներէ, որոնք քաղաքական անձնաւորութիւններ չեն: Ան կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն` գաղթականներուն օժանդակելու իրենց երկիրներուն մէջ եւ ոչ Լիբանանի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ օժանդակող երկիրներուն խմբաւորումը երէկ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը, որ կարողութիւններով օժտուած ըլլայ եւ կարենայ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաու երէկ Սայտայի սերային մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ ընկերային իրադարձութիւնները` տեղական, շրջանային եւ միջազգային առումով:

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի նահանգապետ Ռամզի Նոհրա Թրիփոլիի սերային մէջ նախագահեց ապահովական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ կացութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի, եւ ապահովական ուժերը կազմ ու պատրաստ են` ապահովական որեւէ խախտում հակակշռելու համար:

 

Նախորդը

Զարիֆ Այսօր Կ՛այցելէ Հայաստան Եւ Ազրպէյճան

Յաջորդը

Թուրք Դեսպանը Կ՛այցելէ Սայտա

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?