Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Անյոյս Վիճակը Կը Շարունակուի

May 31, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյնը` իր բոլոր դժուարութիւններով, տագնապներով, անորոշութեամբ եւ աւելի եւս վատթարանալու հաւանականութեամբ:

Այս իրավիճակին առընթեր, կառավարութեան կազմութեան վերաբերող անյոյս վիճակը եւս կը շարունակուի:

Լիբանանցի քաղաքական տարբեր վերլուծաբաններ դրական եւ ժխտական կարծիքներով եւ եզրակացութիւններով հանդէս կու գան նոր դահլիճին կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն հիմնականը կը մնայ այն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ոչինչ արձանագրուած է, իսկ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի  նախաձեռնութեան ոչ ոք ընդառաջած:

Կառավարութիւն մը չունենալու այս իրականութիւնը, սակայն, պատճառ չդարձաւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու մասին կեցուածքներն ու յուշումները դադրին:

Աւելի՛ն. արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմին, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Հանի Շմայթլին եւ այլ պատասխանատուներ, որոնց հետ քննարկեց 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան նախապատրաստութիւնները:

Այլ առումով, լուսարձակի տակ առնուեցաւ լիբանանցի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն եւ Արեւելքի հոգեւորականներուն կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին հետ տեղի ունենալիք հանդիպումը, որ նախատեսուած է կատարել յուլիս ամսուան ընթացքին, Վատիկանի մէջ:

Լիբանանի մէջ տիրող այս կացութեան առընթեր, Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւններուն Պաշշար Ասատի վերընտրութիւնը շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, Նեպիհ Պըրրի, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ու այլ ղեկավարներ:

Նախագահ Աունի շնորհաւորական ուղերձին մէջ ան ընդգծեց, որ իր ակնկալութիւնն է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել:

Պասիլ շնորհաւորական իր հեռագիրին մէջ վստահեցուց, որ նախագահ Ասատ պիտի նախաձեռնէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը դիւրացնելու քայլերու:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը ընթացիկ իր նիստէն ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարին մասին լիբանանեան միատարր կեցուածք մը պէտք է որդեգրել եւ Սուրիոյ հետ գործակցութեան վերսկսիլ` տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով:

Թերեւս երկրին մէջ միակ լաւ իրագործումը կը մնայ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի լուրջ նահանջը, ինչպէս նաեւ շաբաթավերջին կատարուած պատուաստումի արշաւը` «Ասթրազենիքայի մարաթոն» խորագիրով, որուն մասնակցեցան աւելի քան 10 հազար անհատներ` լիբանանցիներ եւ օտարներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան իր կարգին ստացաւ «Ասթրազենիքա» պատուաստը` Պաալպեքի պատուաստումի կեդրոններէն մէկուն մէջ:

Հասան իր յայտարարութիւններուն մէջ հաստատեց, որ լիբանանեան ընկերութեան 40 առ հարիւրը արդէն իսկ դիմադրողականութիւն ունի, իսկ բնակչութեան 10 առ հարիւրը պատուաստուած է:

Հասան հաստատեց, որ «Ասթրազենիքայի մարաթոն»-ը շաբաթական դրութեամբ պիտի կրկնուի` աւելցնելով, թէ մինչեւ յուլիսի վերջ կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ 65 առ հարիւրի համեմատութեամբ ընկերային հաւաքական դիմադրողականութեան:

Համատ Հասան երէկ ընդգծեց, որ յունիս ամսուան ընթացքին Լիբանանի մէջ պիտի կազմակերպուի նաեւ «Ֆայզըր»-ի պատուաստի մարաթոն մը:

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքի Շնորհաւորական Ուղերձը Մայիսի 28-ի Առիթով

Յաջորդը

«Պաքուն Կը Զօրակցի Հայաստան – Ազրպէյճան Սահմանագծման Նպատակով Յանձնախումբի Ստեղծման» Կ՛ըսէ Ասատով

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.