Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Պիտի Առաջնորդէ Դէպի Ամբողջական Փլուզում»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով իր ճիգերն ու ջանքերը տակաւին առկայ են` աւելցնելով, որ ինք այդ նախաձեռնութեան կառչած պիտի մնայ, մինչեւ որ աւելի ընդունելի նախաձեռնութիւն մը կարելի ըլլայ գտնել: Պըրրի շեշտեց, որ ինք կառչած կը մնայ նաեւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` նկատի ունենալով, որ ան կը վայելէ իր համայնքին, Տար Ֆաթուային, նախկին...



















