ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ տոլարին սակագինը երէկ լիբանանեան սեւ շուկային մէջ տարուբերեցաւ 15200 եւ 15250 լիբ. ոսկիի միջեւ:
ԴԱՏԱՒՈՐ Հասան Շամի Լիբանանի մէջ արգելափակեալ Հանիպաալ Քազաֆիին յայտնած է, թէ ան պիտի շարունակէ արգելափակեալ մնալ, այնքան ատեն որ իմամ Մուսա Սատր անյայտ կը մնայ: Նշեալ դատաւորը համակիր է քաղաքական առնչակից կողմի մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը լուսաբանեց, թէ վերջերս իր անձնակազմին ուղղած իր «երկու շաբաթով պարենաւորուելու» թելադրանքը պարզապէս ընթացիկ ներքին ցուցմունքներու ծիրին մէջ եղած է, որ սովորաբար կը կատարուի բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր իր գրասենեակները կը գործեն: Նշենք, որ վերջերս ՄԱԿ-ի Լիբանանի գրասենեակին անունով ցուցմունք մը հրապարակուած էր, ըստ որուն, այս կազմակերպութիւնը իր անձնակազմին կը թելադրէր «երկու շաբթուան համար պարէն եւ վառելանիւթ ապահովել»:
ԻՐԱՆԻ նախագահական ընտրութիւններուն առիթով լիբանանաբնակ բազմաթիւ իրանցի քաղաքացիներ ուղղուեցան լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ (Պաալպեք, Նապաթիէ եւ այլն) զետեղուած ընտրական կեդրոններ` քուէարկութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
ՀԱԿԱՌԱԿ Կեդրոնական դրամատան կողմէ վառելանիւթի վարկի ապահովման խոստումին, երէկ դարձեալ ինքնաշարժներ երկար հերթեր կազմեցին վառելանիւթ վաճառող պենզինի կայարաններուն առջեւ:
7 յուլիսէն սկսեալ Լիբանանէն դէպի Սպանիա ճամբորդել փափաքող քաղաքացիները պարտին պարզապէս իրենց «Փի.Սի.Ար»-ի քննութեան եւ կրկնակի պատուաստի հաստատագիրները ցոյց տալ եւ մուտք գործել Սպանիա` առանց երկշաբաթեայ մեկուսացման ենթարկուելու:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Ռայի պատրիարքը երէկ իր գոհունակութիւնը յայտնեց Այնթուրայի «Տէյր Սայտեթ Զիարա» վանքի վերանորոգման առիթով: «Այսօր իրականացաւ այն երազս, որ կը տենչայի իրականացնել վանական եղած օրերէս ի վեր, 1975-ին», յայտնեց Ռայի պատրիարքը` շնորհակալութիւն յայտնելով Հունգարիոյ կառավարութեան, դեսպանատան եւ առնչակից մարմիններուն: Նշենք, որ խազենական պատմական եւ հնամենի ու լքուած այդ վանքը վերանորոգուեցաւ շնորհիւ Հունգարիոյ կատարած երկու միլիոն եւրոյի նուիրատուութեան:


