Ֆրանսա Կը Պարգեւատրէ Իմատ Օսմանը
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անունով պարգեւատրեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն յանձնեց Ֆրանսայի ազգային «Ասպետ»-ի աստիճանի պատուոյ շքանշանը: Ֆրանսական դեսպանատան մէջ պարգեւատրումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին: Կրիօ իր խօսքին մէջ գնահատեց Օսմանի գլխաւորութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերուն մղած պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` դրուատելով այս իմաստով արձանագրուած նուաճումները, որոնք արդիւնք են նաեւ Ներքին...



















