Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Բարգաւաճման պատրիարքական հաստատութեան խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը ամբողջական փլուզման կ՛առաջնորդէ:
«Կարծէք այս երկրին մէջ քաղաքական գործը համազօր դարձած է հայրենիքի քանդումին», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իրենց միտքն ու կարողութիւնները ազատ են, եւ հակառակ բոլոր տեսակի տագնապներուն, լիբանանցիները կրնան ոտքի կանգնիլ` եթէ համաձայնին եւ իրարու զօրակցին:
«Մենք միակ երկիրը չենք, որ այս տագնապէն կը տառապի, եւ պէտք է մեր սիրտերէն վախը դուրս բերենք եւ հայրենիքին հանդէպ մեր վստահութիւնը վերահաստատենք: Մեր նախահայրերը պայքարեցան ու տոկացին. այսօր մեր դերակատարութիւնը պէտք է ըլլայ նոյնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը: