Մինչ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարներ կը շարունակեն մերթ ընդ մերթ փակել ճամբաները, անիւներ հրկիզել եւ երթեւեկի խճողում պատճառել` բողոքելով երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ ապրուստի պայմաններուն դէմ, վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վաւերացուց վառելանիւթը ամերիկեան տոլարի դիմաց 3900 սակի հիման վրայ վաճառելու առաջարկը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ վառելանիւթի տագնապը լուծել:
Այս կարգադրութեամբ պենզինի թիթեղին սակը 15.000 լ. ոսկիով պիտի բարձրանայ, այսինքն` պենզինի թիթեղին սակը պիտի ըլլայ շուրջ 60.000 լ. ոսկի:
Վառելանիւթի սակի բարձրացումին լոյսին տակ կը նախատեսուի նաեւ, որ լիբանանեան հացը սղի, իսկ սննդեղէն ներածողներու սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի իր կարգին յայտնեց, որ ներածուած սննդեղէնի կամ որեւէ ապրանքատեսակի սակը ուղղակիօրէն առնչուած պիտի մնայ ամերիկեան տոլարի սակին հետ, այլ խօսքով` եթէ ամերիկեան տոլարը բարձրանայ, ապա սղաճը պիտի շարունակուի:
Միւս կողմէ, ամերիկացի իր պաշտօնակիցին հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան ընդգծեց լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններու դէմ ճնշում բանեցնելու կարեւորութիւնը` երկրին դիմագրաւած ողբերգութեան վերջ տալու նպատակով:
«Որոշեցինք Լիբանանի մէջ տիրող տագնապը տնօրինել Միացեալ Նահանգներուն հետ գործակցաբար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ ճնշում բանեցնել` իմանալու համար տագնապը պատճառող կողմերուն ինքնութիւնը», հաստատեց ան:
Իր կարգին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը կը պահանջէ վերջ տալ քաղաքական դասակարգին փտածութեան` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են օժանդակելու Լիբանանի մէջ փոփոխութիւններ յառաջացնելու, սակայն Պէյրութի մէջ իսկական ղեկավարութեան կարիքը ունին:
Պլինքըն հաստատեց, որ Ֆրանսա հին դաշնակից է` աւելցնելով, որ իրենք երկկողմանի յարաբերութիւնները կը վերակենդանացնեն` դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները:



