Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի ջանքերուն արձանագրած տեղքայլին լոյսին տակ, երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ:
Այս շրջագիծին մէջ նշուեցաւ, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը փորձէ առաջադրել նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի պաշտօնը յետս կոչել:
Նախագահական պալատը անմիջապէս հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Հարիրին պաշտօնանկ ընելու փորձեր կը կատարէ, որովհետեւ քաջ գիտէ, թէ այդ քայլը սահմանադրական չէ:
Միւս կողմէ, Պասիլի եւ Սաֆայի միջեւ կիրակի գիշեր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին անհրաժեշտ նկատուեցաւ խաղաղութիւնը վերականգնել, յատկապէս նախագահական պալատին եւ Այն Թինէի միջեւ:
Կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ պահանջներու եւ նախապայմաններու առաստաղները այնքան բարձր են, որ այդ խորհրդակցութիւնները քանի մը օր առաջ կանգ առած են, իսկ կառավարութեան կազմութեան բարդութիւններու ուղին կրնայ բաւական վտանգաւոր ըլլալ:
Նախագահ Աուն Թրապուլսիի Հետ
Քննարկեց Կրթական Հարցեր
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտկար Թրապուլսին, որուն հետ քննարկեց շարք մը կրթական հարցեր, ինչպէս նաեւ Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Կորտըն Պրաունի նախաձեռնութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ 2 միլիառ տոլարի հանգանակութիւն պիտի կատարուի` տրամադրուելու համար «Քորոնա»-ի համաճարակի ծանր հետեւանքները կրած երկիրներու կրթական մարզին, եւ այդ երկիրներու շարքին է նաեւ Լիբանան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ կրթական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբին կողմէ կրթական ինքնութեան օրէնքի վաւերացումը առնուած կարեւոր քայլ մըն է` բարեկարգումի ճամբուն վրայ:
«Խորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ այդ օրէնքին վաւերացումը վճռորոշ ազդեցութիւն պիտի ունենայ կրթական մարզին մէջ փտածութեան կասեցումին առումով, ինչպէս նաեւ կարելի պիտի ըլլայ կրթական մարզին` պետական եւ սեփական ոլորտներուն մէջ, նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել», ըսաւ նախագահ Աուն:
Թրապուլսի նախագահ Աունի հետ քննարկեց նաեւ երկրին ընկերային մարզը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական եւ բժշկական օժանդակութիւններ տրամադրելու վերաբերող հարցեր, յատկապէս Պէյրութի եւ անոր շրջակայքին մէջ:
Քննարկուեցան նաեւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:



