Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոխավի. «Ապահովական Քաղաքականութեան Առումով Լիբանան Իր Հակակշիռը Կորսնցուցած Է»

June 25, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Աւիվ Քոխավի հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սոլիվընի հետ:

Քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Իսրայէլի անվտանգութեան հարցն ու Միջին Արեւելքի մէջ իրանեան ազդեցութիւնն ու Լիբանանի մէջ գտնուող թիրախահար հրթիռները:

Հանդիպումին ներկաները ընդգծեցին հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու դերակատարութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` այս տարուան ընթացքին ՄԱԿ-ի կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն պաշտօնավարութեան միամեայ երկարաձգումի արարողութեան ընթացքին:

Քոխավի շեշտեց, որ ապահովական քաղաքականութեան առումով Լիբանան իր հակակշիռը տարիներէ ի վեր կորսնցուցած է, ինչպէս նաեւ կ՛անտեսէ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու իր պարտականութիւնը, «մինչդեռ Հըզպալլան է, որ կը տնօրինէ Լիբանանի ապահովական քաղաքականութիւնը», հաստատեց ան:

Ժապեր. «Լիբանանի Ապահովական
Կացութիւնը Փլուզումի Ենթակայ Է»

Միւս կողմէ, հանգստեան կոչուած լիբանանցի զինուորական փորձագէտ Հիշամ Ժապեր «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին զգուշացուց Լիբանանի ապահովական կացութեան փլուզումէն, եթէ յառաջիկայ քանի մը ամսուան ընթացքին երկրին մէջ տիրող կացութիւնը նոյն ձեւով շարունակուի:

Ժապեր ընդգծեց, որ ապրուստի, տնտեսական եւ ընկերային իրավիճակին վատթարացումը ահռելի կերպով մեծ է, իսկ ապահովութեան ուժերուն իրենց կարողութենէն աւելի կարելի չէ բեռցնել:

«Եթէ քաղաքական հարցը չլուծուի եւ լիբանանեան բանակը չմիջամտէ` կացութիւնը իր հակակշիռին տակ առնելու, ապա կրնայ ժողովրդային պոռթկում մը եւ անօթիներու յեղափոխութիւն մը արձանագրուիլ, որուն ընթացքին յարձակումներ պիտի գործուին պալատներուն դէմ, եւ երկրին մէջ պիտի ստեղծուի քաոս», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ յեղափոխութիւնը կրնայ ինքնաբուխ ըլլալ կամ պարտադրուած` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ աշխուժ կերպով գործող օտար երկիրներու գաղտնի սպասարկութիւնները:

 

 

 

Նախորդը

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Երկուշաբթի Օր Պիտի Այցելէ Մարզական Աւան

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ  Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ  Դիւանագիտական Լուծումին»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանանը, Հակառակ Դժուարութեան, Կառչած Կը Մնայ Դիւանագիտական Լուծումին»

October 20, 2026
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Հետեւեցայ Մեղսակիցներու Կալանաւորման Համար Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հետաքննութեան Ընդլայնման Առնչութեամբ Որդեգրուած Քայլերուն»

October 20, 2026
Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի  Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանան Յայտնուած Է Իսրայէլի Եւ Հըզպալլայի Պահանջներուն Միջեւ»

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.