Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա Կը Պարգեւատրէ Իմատ Օսմանը

June 28, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի անունով պարգեւատրեց Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանը, որուն յանձնեց Ֆրանսայի ազգային «Ասպետ»-ի աստիճանի պատուոյ շքանշանը:

Ֆրանսական դեսպանատան մէջ պարգեւատրումի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին:

Կրիօ իր խօսքին մէջ գնահատեց Օսմանի գլխաւորութեամբ Ներքին ապահովութեան ուժերուն մղած պայքարը ահաբեկչութեան դէմ` դրուատելով այս իմաստով արձանագրուած նուաճումները, որոնք արդիւնք են նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն ունեցած միջազգային գործակցութեան, յատկապէս Ֆրանսայի հետ:

Կրիօ հաստատեց, որ Օսմանի պարգեւատրումը յստակօրէն կը փաստէ երկու երկիրներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերուն գոյութիւնը:

Իր կարգին, Օսման Կրիոյին եւ ֆրանսական պետութեան շնորհակալութիւն յայտնեց` աւելցնելով, որ այդ պարգեւատրումը անձնական չէ, այլ` Ներքին ապահովութեան ուժերուն, անոնց բոլոր բաժանմունքներու եւ ճիւղաւորումներու սպաներուն եւ ոստիկաններուն, յատկապէս Ներքին ապահովութեան ուժերու նահատակներուն:

Օսման ընդգծեց, որ ամբողջ աշխարհը կրնայ վկայել Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ գոյութիւն ունեցող ամուր կապին մասին: Այս յարաբերութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ ամուր է, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւններուն եւ պետական հաստատութիւններուն միջեւ ամուր է, իսկ երկկողմանի մտերիմ ու ամրապնդուած յարաբերութիւնները իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան երկու երկիրներու շահերուն ապահովումին իմաստով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Շիա. «Նոր Կառավարութեան Կազմութիւնը Անհրաժեշտութիւն Է, Իսկ Այդ Կազմը Պէտք Է Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կազմակերպէ»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.