Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով իր նախաձեռնութիւնը ի զօրու է` աւելցնելով, որ այդ նախաձեռնութիւնը միակն է, որ Լիբանանը կրնայ իր տագնապէն դուրս բերել, «հետեւաբար այդ նախաձեռնութիւնը յետս կոչելու մտադրութիւն չունիմ», ըսաւ ան:
Պըրրի նշեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը կը մտածէ յետս կոչել, եթէ առաջադրուի աւելի լաւ նախաձեռնութիւն մը, որ բոլորին համար համոզիչ ըլլայ, եւ բարեկարգումի ու փրկութեան կառավարութիւն մը կազմելու նպատակը իրագործէ:
Պըրրի յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է կազմուի մասնագէտ նախարարներէ, եւ քաղաքական ոչ մէկ ուժի պէտք է տրամադրուի անոր որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի դրութիւնը:
Պըրրի ընդգծեց իր առաջադրած նախաձեռնութեան առիթէն օգտուելու եւ ուղղակի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին անցնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին դիմագրաւած տագնապը լուծել: «Որքան արագ կազմուի կառավարութիւնը, այդքան արագ կարելի կ՛ըլլայ լուծել երկրին տագնապը: Լիբանանի տագնապը շատ դժուար է, սակայն պէտք է նաեւ ընդունիլ, որ տիրող իրավիճակը անյոյս չէ եւ կարելի է այդ իմաստով լուծումներու յանգիլ: Լիբանանը սնանկացած չէ, եւ տակաւին ունի կարելիութիւններ եւ հսկայական կարողութիւններ` ծովային ու ցամաքային, որոնք կրնան երկիրը շատ արագ դուրս բերել իր տագնապէն: Բայց եւ այնպէս ամէնէն կարեւորը այն է, որ կազմուի կառավարութիւն մը` ստանձնելու իր աշխատանքները: Լիբանանի կացութիւնը կը նմանի միլիառներով լեցուն գանձարկղի մը, որուն բանալին սակայն կորսուած է ատելութեան եւ քինախնդրութեան մէջ», հաստատեց ան:
Պըրրի ընդգծեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին հարցերու յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելի հետ հանդիպումին ընթացքին շօշափած է քաջալերական կեցուածքներ` Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան իմաստով: «Ան ընդգծեց, որ լիբանանցիները պէտք է նախաձեռնեն ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմելու եւ բարեկարգումները սկսելու` աւելցնելով, որ անոնք անմիջապէս Եւրոպական Միութեան երկիրները պիտի գտնեն իրենց կողքին», հաստատեց Պըրրի:



