ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 137 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:30-ին պատկերասփռուած ճառ մը պիտի արտասանէ երկրին տեղական եւ քաղաքական վերջին զարգացումներուն մասին:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ պէտք է «Քորոնա»-ի համաճարակի յատուկ նախազգուշական միջոցներու դիմել` «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակին իմաստով, այլապէս` Լիբանան դարձեալ համաճարակի սուր ալիք մը պիտի դիմագրաւէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է եւ բոլորը պէտք է ընդառաջեն այդ նախաձեռնութեան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նազիհ Նաժըմ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ վարչպետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապին կատարելու իրենց պարտականութիւնները` հաստատելով, որ իրենք յաւելեալ սուտեր չեն կրնար հանդուրժել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս յայտնեց, որ Լիբանանը իր դիմագրաւած տագնապէն փրկելու համար պէտք է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կառավարութիւն մը կազմել: Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանական խորհրդակցութիւններու հիման վրայ Սաատ Հարիրի նշանակուած է վարչապետ, հետեւաբար զայն պաշտօնանկ ընելու փորձերը Լիբանանը կրնան մութ փապուղիներու առաջնորդել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ պետութիւնը ձգձգումներով կը մօտենայ հատուցման քարտի վաւերացումին, եւ հեգնեց ըսելով. «Ձեր ժամանակը առէ՛ք, որովհետեւ փողոցը ձեզմէ առաջ պիտի շարժի»:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ կոչ ուղղեց գերմանացի պատասխանատուներու առաջադրելու տնտեսական եւ մարդասիրական տարբեր նախաձեռնութիւններ` յստակացնելու համար Լիբանանի փրկութեան ծրագիրը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատօ Մարտարի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ հակառակ ժողովուրդին աղքատութեան, կորսուած իրավիճակին եւ արժէքը կորսնցուցած աշխատավարձին, խորհրդարանը կ՛ուշացնէ հատուցման քարտի դրութեան որդեգրումը եւ կը ջանայ այդ քարտը ստանալու համար նախատեսուած 750 հազար ընտանիքներուն թիւը նուազեցնել 350 հազար ընտանիքի:


