Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց 20 փետրուար 2021-էն 19 յունիս 2021 ժամանակաշրջանին Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, որոնք նշուած պիտի ըլլան 12 յուլիս 2021-ին լոյս տեսնելիք տեղեկագիրին մէջ:
Հանդիպումը եղաւ առիթ մը, որուն ընթացքին Տիապ յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը պահանջէ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն պաշտօնավարութիւնը մէկ տարիով երկարաձգել` 1 սեպտեմբեր 2021-էն սկսեալ:
Վրոնեցքա այցելեց նաեւ Պնաշյի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէի հետ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Ռոնի Արայժիի եւ Ժան Պութրոսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներուն դերակատարութիւնը:



