Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաատ. «Գ. Պատերազմի Մը Մասին Իսրայէլի Յայտարարութիւնները Չեն Արտայայտեր Անոր Կամքը` Ո՛չ Իշխանութեան Եւ Ո՛չ Ալ Ժողովրդային Մակարդակի Վրայ»

July 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Գ. պատերազմի մը մասին իսրայէլեան յայտարարութիւնները կը դրսեւորեն Իսրայէլի զօրակից երկիրներուն թշնամական կեցուածքը Լիբանանի հանդէպ եւ չեն արտայայտեր Իսրայէլի կամքը` ո՛չ իշխանութեան եւ ո՛չ ալ ժողովրդային մակարդակի վրայ:

Ռաատ շեշտեց, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները անկարող են Լիբանանի դէմ պատերազմ բռնկեցնելու, իսկ իսրայէլացիները երկչոտ են ու չեն փափաքիր յաջորդ պատերազմ մը ըլլայ եւ ստիպուին Դիմադրութեան դէմ կռուիլ:

Ռաատ յայտնեց, որ Հարիրի փորձեց ապրիլ եւ գոյակցիլ իր ծրագիրին հակառակող խմբաւորումի մը հետ, սակայն ի վերջոյ անոր տէրերը տապալեցին զինք:

«Դիմադրութիւնը իր օրինակը ներկայացուց` թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարելու եւ երկրին գերիշխանութիւնը պաշտպանելու իմաստով: Այս նպատակով ալ Դիմադրութիւնը իր սահմանները պահեց եւ ամբողջութեամբ իշխանութեան մէջ չներգրաւուեցաւ, որովհետեւ լաւ գիտէ, թէ իշխանութեան մէջ կան թակարդներ: Իսկ կառավարութեան մէջ ներկայացուելու պարագային, Դիմադրութիւնը իր աշխատանքը զգուշութեամբ կատարեց», հաստատեց Ռաատ:

Ան ընդգծեց, որ տպաւորութիւնը այն է, թէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի չի փափաքիր կառավարութիւն կազմել եւ չի փափաքիր ալ հրաժարիլ: «Դժբախտաբար առիթ չկայ տնտեսական կացութիւնը փրկելու կառավարութիւն մը կազմելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը պահանջէ իշխանութեան մէջ հաւասարակշռութիւն հաստատել:

«Միւս կողմէ, մենք յանձնառու ենք մեր ժողովուրդին տառապանքը մեղմացնելու, զայն անօթութենէ փրկելու եւ կարգ մը ծառայութիւններ մատուցելու», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Կեդրոնական Դրամատուն. «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է, Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.