Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսական-Ամերիկեան Միացեալ Հաղորդագրութիւն

July 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան եւ ֆրանսական դեսպանատուները երէկ հրապարակեցին միացեալ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ 8 յուլիսին մեկնեցան Սէուտական Արաբիա, ուր անոնք Սէուտական Արաբիոյ իրենց պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեցին Լիբանանի կացութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այս հանդիպումը որոշուած է Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էնթընի Պլինքընի, Ժան Իվ լը Տըրիանի եւ Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի միջեւ 29 յունիս 2021-ին Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին լոյսին տակ:

«Հանդիպումին ընթացքին դեսպաններ Կրիօ եւ Շիա ընդգծեցին ամբողջական կարողութիւններով եւ իրաւասութիւններով օժտուած կառավարութեան մը խիստ կարիքը` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմը պէտք է յանձնառու ըլլայ եւ կարողութիւն ունենայ գործադրելու բարեկարգումները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Կրիօ եւ Շիա ընդգծեցին, որ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ բարեկամ երկիրներու կառավարութիւններ կը շարունակեն անմիջական օժանդակութիւն տրամադրել լիբանանցիներուն, ինչպէս` առողջապահական, կրթական եւ սննդեղէնի յատուկ օժանդակութիւններ:

Կրիօ եւ Շիա հաստատեցին, որ Լիբանանի ղեկավարները շօշափելի դասաւորումներ կ՛որդեգրեն` լուծելու համար տասնամեակներու վրայ երկարած  ապօրինի տնօրինման եւ փտածութեան խնդիրները` աւելցնելով, որ այդ լուծումներուն գործադրութիւնը պիտի մղէ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգներն ու շրջանային եւ միջազգային գործընկերները` յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու Լիբանանին:

 

Նախորդը

Վրոնեցքա Այցելեց Տիապի Եւ Ֆրենժիէի

Յաջորդը

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 18, 2026
Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.