Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանաան. «Պետական Մարզին Վերաբերեալ Դրամատնային Գաղտնիութիւնը Վերացնելէ Ետք Պահանջուած Է Հաշուետուութեան Կանչող Անկախ Դատական Իշխանութիւն»

July 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, թէ յանձնախումբը վաւերացուցած է պետական մարզին վերաբերեալ դրամատնային գաղտնիութիւնը վերացնելու օրէնքը` աւելցնելով, որ յստակ ու միացեալ շրջագիծեր ճշդուած են, որպէսզի դատական իշխանութիւնը կարենայ վերացնել դրամատնային գաղտնիութիւնը, յատկապէս ապօրինի հարստացման թղթածրարներուն առումով:

Ան շեշտեց, որ խորհրդարանական յանձնախումբերը, յատկապէս ելեւմուտքի հարցերու յանձնախումբը, ամէն ջանք ի գործ կը դնեն գործադրելու համար բարեկարգումի վերաբերող օրէնքները:

Քանաան նկատել տուաւ, որ պահանջուածը գործադիր իշխանութիւն մըն է, որ կը յարգէ օրէնքները եւ կը գործադրէ զանոնք, ինչպէս նաեւ ազատ եւ անկախ դատական իշխանութիւն մը, որպէսզի հաշուետուութեան կանչէ յանցագործները:

Քանաան շեշտեց, որ վաւերացուած օրէնքներուն շրջագիծին մէջ տակաւին չկայ մէկը, որ ապօրինաբար հարստանալու յանցանքով դատավարութեան ենթարկուած ըլլայ: «Վերջ տուէ՛ք խօսելուն եւ ուղղուեցէ՛ք յարգելու օրէնքներն ու հաշուետուութեան ենթարկելու յանցագործները», ըսաւ Քանաան:

Միւս կողմէ, Քանաան հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ առանց կառավարութեան կազմութեան` Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի քաոսային վիճակ:

 

Նախորդը

Պքերքէի Մէջ. Մարոնի Պատրիարքութեան Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու 100-Ամեակի Նշում

Յաջորդը

Պասիլ. «Հարիրիի Հրաժարականը Մեզի Համար Յաղթանակ Չէ, Այլ` Պարտութիւն»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.