Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 12, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 314 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի համար միջազգային օժանդակութիւններու համակարգող դեսպան Փիեռ Տիւքանը: Ներկայ գտնուեցան նաեւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռաուլ Նաամէ եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար: Քննարկուեցան երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ապրուստի սուր տագնապն ու 20 յուլիսին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի միջազգային օժանդակութիւններու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ յայտնեց, որ վարչապետին նշանակումը յաւիտեան չէ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանան փլուզուի:

ՏԱՐ Ֆաթուայի համաձայն, Ատհայի տօնը կը զուգադիպի երեքշաբթի, 20 յուլիս 2021-ին:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի ամբողջական փլուզման սեմին` կառավարիչներուն եւ պատասխանատուներուն գործած սխալներուն պատճառով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

«ՔՈՐՈՆԱ» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան գիտական յանձնախումբի տնօրէն Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ ժողովրդային փոթորիկը անխուսափելի է` աւելցնելով, որ քաղաքացիին տարրական իրաւունքն է ջուր, սնունդ, ելեկտրականութիւն եւ դեղորայք ունենալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Մեհրապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահին խմբակն է, որ կը խոչընդոտէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՓԵՆԹԱԿՈՆԻ պատասխանատուներէն մէկը յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը իր ստացած ֆինանսաւորումով, զինումով եւ ռազմափորձերով կարողութիւն պիտի ունենայ պաշտպանելու լիբանանեան հողերը: Նոյն պատասխանատուն շեշտեց, որ Հըզպալլա ամբողջ Լիբանանին չ՛իշխեր, սակայն երկրին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի հասցէին Իսրայէլի վարչապետ Նեֆթալի Պենեթի կատարած յայտարարութիւնը Լիբանանը իսրայէլեան նոր պատերազմի ենթակայ կը դարձնէ:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քաղաքական Դէմքեր

Յաջորդը

Ներքին Ապահովութեան Ուժերը Կիրակնօրեայ Շուկային Մօտակայքը Բացայայտեցին Ռումբեր

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ.  «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ»  Կ՛ըսէ Սալամ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանցիներուն Յղած Իր Ուղերձին Մէջ. «2027-ի Ամավարկը Որեւէ Նոր Տուրք Պիտի Չպարունակէ» Կ՛ըսէ Սալամ

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.