Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Պայթումին Նահատակներուն Հարազատները Կառչած Կը Մնան Ճշմարտութիւնը Իմանալու Իրաւունքին

Յուլիս 12, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն իրականութեան, որ երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերն ու Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու հարցը կը մնայ առկայ, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն գնդապետ Քամիլ Տահեր այսօր կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին պիտի հարցաքննուի Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի կողմէ:

Իր կարգին, լիբանանեան բանակի գնդապետներէն Ժուտա Օուէյտաթ յայտնեց, որ ինք օրէնքին ենթակայ է ու պատրաստ է դատավարութեան ենթարկուելու եւ երեքշաբթի օր պիտի ներկայանայ դատավարութեան:

Միւս կողմէ, շաբաթ յետմիջօրէին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին նահատակներուն հարազատները Կեդրոնական Պէյրութի մէջ կատարեցին նստացոյց մը, ապա երթով մը ուղղուեցան դէպի խորհրդարան եւ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:

Անոնք հաստատեցին, որ իրենց շարժումները պիտի կատարուին ամէնօրեայ դրութեամբ` աւելցնելով, որ անոնց հարազատներուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի:

Ցուցարարները մերժեցին քաղաքական իշխանութիւնները` երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ չզրկելու քայլը  եւ զանոնք պատասխանատու նկատեցին` իրենց զաւակներուն թափած արեան:

Նահատակներուն հարազատները հաստատեցին, որ իրենց աքթերով կը զօրակցին դատախազ Պիթարի, որպէսզի օժանդակեն պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու եւ ճշմարտութիւնը բացայայտելու անոր ջանքերուն:

Նահատակներու հարազատներուն երթը հասաւ նաեւ երեսփոխան Նուհատ Մաշնուքի բնակարանը` Քրայթեմ, ուր ցուցարարները ցասումի եւ բարկութեան ճիչերով գոռացին Մաշնուքին` կոչ ուղղելով անոր ենթարկուելու օրէնքին եւ ներկայանալու դատավարութեան:

Նահատակներուն հարազատները Մաշնուքը մեղսակից նկատեցին իրենց հարազատներուն սպանութեան եւ մերժեցին, որ ան իբրեւ վկայ ներկայանայ դատարան` ընդգծելով, որ ան ամբաստանեալ է եւ պէտք է անձեռնմխելիութենէ զրկուի:

Ապա նահատակներուն ընտանիքները ուղղուեցաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի բնակարանը, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ֆահմիի եւ նահատակներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութեան մը միջեւ:

Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Իպրահիմ Հթայթ, որ յայտնեց, թէ կը փափաքէին դրական արդիւնքով մը դուրս գալ այդ հանդիպումէն, «սակայն յստակ է, որ Ֆահմի երկսայրի սուրի դիմաց կը գտնուի. կա՛մ այն է, որ Ֆահմիի վրայ ճնշում կը բանեցուի եւ կա՛մ այն է, որ ինք առնչուած է նախարարութեան օրինական խորհուրդին հետ եւ այդ խորհուրդն է, որ չ՛արտօներ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի դատավարութիւնը», ըսաւ ան:

Հթայթ յայտնեց, որ պատուիրակութիւնը նահատակներուն հարցերուն վիշտն ու տառապանքը, ինչպէս նաեւ բարկութեան զգացումները ներկայացուցած է Ֆահմիին` անկէ պահանջելով պահ մը մտածել նահատակներու հարազատներուն մասին եւ երկուշաբթի օր իր վերջնական պատասխանը տալ:

Հթայթ յայտնեց, որ նահատակներուն հարազատները ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի շարունակեն իրենց մագլցողական քայլերը:

Երէկ երեկոյեան նահատակներուն ընտանիքներուն անունով հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը երաշխաւորելու նպատակով

երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու իրենց յեղափոխութիւնը հայրենիքին ու անոր գոյութեան ապահովման յեղափոխութիւնն է:

Միւս կողմէ, Պիթար հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ ինք կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ ճշմարտութեան բացայայտումը:

«Նահատակներու ընտանիքներուն միակ պահանջը ճշմարտութիւնը իմանալն է եւ ատիկա անոնց իրաւունքն է, եւ իմ պարտականութիւնս: Երիտասարդներ զոհուեցան, ոմանց աճիւնները գտնուեցան, իսկ ոմանցը` անկարելի եղաւ գտնել: Այս թղթածրարը ստանձնեցի եւ զայն իր աւարտին պիտի հասցնեմ», շեշտեց ան:

Ան նկատել տուաւ, որ հետաքննութիւնը հասած է թեքնիք բաժինին եւ աւարտելու սեմին կը գտնուի:

Պիթար յայտնեց, որ ինք պաշտօնապէս ստացած է Ֆահմիի մերժումը` Ապպաս Իպրահիմը հարցաքննելու իմաստով, եւ աւելցուց, որ ինք տարբեր միջոցներու կրնայ դիմել` հարցաքննելու Ապպաս Իպրահիմը:

Պիթար յայտնեց, որ պայթումը իսրայէլեան ռմբակոծումի հետեւանք ըլլալու վարկածը գրեթէ բացառուած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ խորհրդարանին կողմէ երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ իր մօտեցումը, Պիթար յայտնեց, որ ինք պիտի ամբաստանէ խնդրոյ առարկաները եւ պիտի բացայայտէ այն փաստերն ու տուեալները, որոնք զինք մղած են` հետապնդելու զանոնք: «Թո՛ղ լիբանանեան հանրային կարծիքը դատավարութեան ենթարկէ զանոնք: Լիբանանը արժանի է իր զաւակներուն, եւ պէտք է անպայման փոփոխութիւն արձանագրել», հաստատեց ան:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժերը Ձախողեցուցած Են Լիբանան-Իսրայէլ Սահմանին Վրայ Զէնքի Մաքսանենգման Փորձ Մը

Յաջորդը

Ո՛չ Վառելանիւթ, Ո՛չ Ելեկտրականութիւն Ո՛չ Դեղորայք… Եւ Լիբանանցիին Տառապանքը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ռաուշէի Մէջ Տեղի Ունեցածին Մեծագոյն Կորուստը Զայն Կազմակերպող Կողմին Ու Անոր Ետին Կանգնողին Հաւաստիութիւնն Է»

Հոկտեմբեր 4, 2025
Աուն Եւ Ռաատ Համաձայնեցան Ուշադիր Կերպով Կարգաւորելու Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւնները
Լիբանանեան

Աուն Եւ Ռաատ Համաձայնեցան Ուշադիր Կերպով Կարգաւորելու Գոյութիւն Ունեցող Տարակարծութիւնները

Հոկտեմբեր 4, 2025
Հըզպալլայի Զինաթափման Անոր Ջանքերուն Ծիրին Մէջ.  Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին 230 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրեն
Լիբանանեան

Հըզպալլայի Զինաթափման Անոր Ջանքերուն Ծիրին Մէջ. Միացեալ Նահանգներ Լիբանանին 230 Միլիոն Տոլար Կը Տրամադրեն

Հոկտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?