ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 400 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ մեծ թիւով արտերկրի լիբանանցիներու տունդարձը հիմնական պատճառն է «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակին արագ տարածումին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը կարիքը ունի յստակ եւ վճռական որոշումներու:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ համաներման օրէնքի վաւերացումը վերածուած է մարդասիրական բարոյական պարտականութեան մը:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտնեց, որ լիբանանցի ղեկավարները յաւելեալ ճկունութեամբ պէտք է մօտենան բարեկարգումներու կառավարութեան կազմութեան` փրկելու համար երկրին տնտեսութիւնը: