Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանի Դիւանը Իրաւասութիւն Չունի Երեսփոխանները Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու

July 10, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 1:15-ին Այն Թինէի մէջ նախագահեց խորհրդարանի դիւանի եւ արդարութեան ու վարչական հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հարցով երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլը, Ղազի Զաայթերը եւ Նուհատ Մաշնուքը անձեռնմխելիութենէ զրկելու պահանջը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ խնդրոյ առարկայ երեսփոխանները:

Շուրջ երկու ժամ տեւած նիստէն ետք, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ քննելէ ետք Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթարի պահանջը, հասած են այն եզրակացութեան, որ յաւելեալ փաստաթուղթերու կարիք ունին, որպէսզի շարունակեն քննարկումը:

Ան նշեց, որ այսօրուան նիստը իրաւասութիւն չունի երեսփոխանները անձեռնմխելիութենէ զրկելու, այլ` փաստերն ու փաստաթուղթերը ստանալէ ետք  պիտի գումարէ երկրորդ նիստ մը, որուն լոյսին տակ խորհրդարանի լիագումար նիստին պիտի յղէ իր վերջնական տեղեկագիրը:

Ֆըրզլի ընդգծեց, որ խորհրդարանը յանձնառու է պայթումին ճշմարտութեան բացայայտումին` նկատել տալով, որ յաւելեալ փաստաթուղթերը ապահովուելէն 24 ժամ ետք արդէն իսկ անձեռնմխելիութենէ զրկելու որոշումը կը տրուի:

Իր կարգին, երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ կասկածէ վեր է, թէ պետութեան մէջ մէկը պատասխանատու է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին` աւելցնելով, որ պէտք է շարունակել փաստեր հաւաքելու աշխատանքը եւ երկրորդ նիստ մը գումարել` խորհրդարանի լիագումար նիստին յղելու համար վերջնական տեղեկագիրը:

Միւս կողմէ, Ալի Հասան Խալիլ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց ենթարկուելու ամէն տեսակի դասաւորումներու` օրինական հիմքերու համաձայն` աւելցնելով, որ ինք տեղեակ չէ, եթէ Պիթար զինք կ՛ամբաստանէ, որովհետեւ բնաւ չէ հանդիպած իրեն հետ:

Նուհատ Մաշնուք իր կարգին նկատել տուաւ, որ ինք յանցաւոր ըլլալու զգացում չունի, այլ` պատասխանատու կը զգայ: «Ես չեմ փափաքիր, որ անձեռնմխելիութենէ զրկեն զիս, այլ` դատավարութեան հրաւիրեն իբրեւ վկայ, ապա ամբաստանեն զիս եւ պահանջեն անձեռնմխելիութենէ զրկել», ըսաւ ան:

Նախքան նիստին գումարումը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ուղղուեցան Այն Թինէ, ուր կատարեցին նստացոյց մը` պահանջելով երեսփոխանները զրկել անձեռնմխելիութենէ, որպէսզի անոնք իբրեւ ամբաստանեալներ հաշուետուութեան ենթարկուին:

Ցուցարարներուն եւ Այն Թինէի հսկող ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուեցաւ հրմշտուք:

Պըրրի տեղեկատուական հարցերու իր խորհրդական Ալի Համտանը գործուղեց ցուցարարներուն մօտ` հաստատելով, որ ինք յանձնառու կը մնայ օրէնքին եւ նեցուկ կը կանգնի զոհերու ընտանիքներուն:

Պէյրութի հրշէջներու բաժանմունքի զոհերուն ընտանիքները հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իրենց միակ նպատակն է հաշուետուութեան ենթարկել եւ պատժել պայթումին պատասխանատուներն ու անոնց մեղսակիցները:

Միւս կողմէ, առաւօտեան շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ այն լուրը, թէ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի մերժած է արտօնել, որ դատական իշխանութիւնները հարցաքննեն Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:

Այս լուրը ընդվզեցուց զոհերուն ընտանիքները, որոնք երէկ կէսօրէ ետք կարճ ժամանակով փակեցին ներքին գործոց նախարարութեան ճամբան:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ ինք ենթակայ է օրէնքին` աւելցնելով, որ դատարան կը ներկայանայ, երբ հարցերը հետապնդուին օրէնքին եւ վարչական կանոններուն համաձայն:

Դեղարանները Մնացին Փակ, Իսկ Ելեկտրականութեան
Ընկերութիւնները Դադրեցան Բանելէ

Ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին արձանագրած անկումը կը շարունակուի` հասնելով 20.000-ի սեմին:

Տիրող ահռելի պայմանները աւելի եւս կը բարդանան` օրէ օր աւելի դժոխացնելով քաղաքացիին կեանքը:

Ամբողջ Լիբանանի տարածքին դեղարաններու բաց գործադուլը սկսաւ երէկ` իբրեւ բողոք դեղորայքի տագնապին դէմ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան շեշտեց, որ նախքան նման քայլի դիմելը, դեղագործին պարտականութիւնն է քաղաքացիին վաճառել այն դեղորայքը, որ պետութեան նպաստը կը վայելէ:

Ան աւելցուց, որ նախարարութիւնը 24 ժամուան ընթացքին դեղորայքի ցանկերը պատրաստած է եւ զայն յղած Կեդրոնական դրամատուն, որ իր կարգին դրամատուներուն գումարներ պիտի փոխանցէ:

Հասան ընդգծեց, որ երեքշաբթի, 13 յուլիսին իրենք պատրաստ պիտի ըլլան յայտարարելու նպաստ ունեցող եւ չունեցող դեղերուն ցանկերը:

Միւս կողմէ, Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրականութեան ընկերութիւնները դադրեցան բանելէ` կազ օյլի չգոյութեան պատճառով:

Իսկ ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա`  ընկերակցութեամբ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան պատասխանատուներուն,  այցելեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:

Քննարկուեցան գործարաններուն ապահոված հում նիւթերուն պարագային Կեդրոնական դրամատան կողմէ տրամադրուած նպաստին, պենզինի եւ մազութի տագնապին վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Սալամէ հանդիպումին ընթացքին յանձնարարած է պատրաստուիլ նպաստը կասեցնելու փուլին, եւ հում նիւթ ապահովելու համար արդէն իսկ ֆինանսաւորման այլ միջոցներ որոնելու աշխատանք սկսելու անհրաժեշտութեան:

Երեկոյեան երկրին տարբեր շրջաններուն մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով եւ աղբամաններով փակեցին ճամբաներ ու մայրուղիներ` բողոքելով երկրին մէջ տիրող տագնապալի կացութեան դէմ:

Ճամբաներու փակում վկայած շրջաններն են` Քոռնիշ Մազրաա, Քոլա, Խալտէ-Պէյրութ, Խալտէ-Շուէյֆաթ, Մարժ, Հաուշ Հրայմէ եւ Պաալպեք:

Նախորդը

Աքըր Ընդունեց Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները

Յաջորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Պատասխանող Կողմը Պէտք Է Ապացուցէ, Որ Ընտրութիւնները Ապահոված Են Սահմանադրութեան Բոլոր Սկզբունքները»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Գլխաշորը Եւ Երէց-Կրտսեր Եղբայրներու Սրտնեղութիւնը

October 18, 2026
Խմբագրական.  Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Հայկական Աշխարհին Մէջ Լսելի՛ Ձայնը («Վանայ Ձայն»-ի 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.