Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի հետ եւ շնորհաւորեց զայն նախարարի իր պաշտօնին ստանձնումին առիթով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պասիլ Ապտոլլահեանի հետ երկարատեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին լոյսին տակ: Լուսարձակի տակ առնուեցան նաեւ տնտեսական, ներքին քաղաքական եւ արտաքին տագնապները, ինչպէս նաեւ այդ տագնապները թօթափելու համար լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդումը: