Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան խորհրդարանին մէջ նախագահեց յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշի սակը ճշդելու կարեւորութիւնը:
Այս շրջագիծին մէջ, նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը չի կրնար 10.000-ի կամ 13.000-ի հիման վրայ սակ մը ճշդելու առաջարկ ներկայացնել, սակայն հարց կու տայ, որ դրամատուներուն մէջ տոլարով հաշիւ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները ստանալու համար ապրիլ 2020-էն ի վեր ճշդուած 3900-ի սակը ինչո՞ւ փոփոխութեան չէ ենթարկուած:
Քանաան ընդգծեց, որ պէտք է ճշդել նաեւ ամսական դրութեամբ ստացուելիք գումարները` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը ելեւմուտքի նախարարին անձով համաձայն է, որ փոփոխութիւններ կատարուին: