ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1121 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:
ՏԱՐՐԱԿԱՆ կրթութեան ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հիւսէյն Ժաուատ յայտնեց, որ երեքշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2021-ը պիտի վերածուի բարկութեան օրուան, եւ կոչ ուղղեց բոլորին յառաջիկայ երեքշաբթի օր միանալու իրենց կատարելիք բողոքի նստացոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ կրթութեան նախարարութեան դիմաց:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ, դատաւոր Մարուան Ապպուտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու մայրաքաղաքին վերաբերող հարցեր: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին: Քննարկուեցան երկիրը յուզող ընկերային եւ մարդասիրական հարցերը:
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ կայ զգուշաւոր լաւատեսութիւն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով հարցը այն է, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին արգիլուած է ունենալ նախարարներու այնպիսի թիւ մը, որ իր ազդեցութիւնը կարենայ ունենալ կառավարութիւնը իւրացնել փորձողներուն վրայ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յոյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով սպիտակ մուխը այս շաբթուան ընթացքին կը բարձրանայ: Տարուիշ նկատել տուաւ, որ կան կարգ մը հարցեր, որոնք անլոյծ են:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներէն, հաստատած է, որ մինչեւ շաբաթավերջ կառավարութիւնը պէտք է կազմուի:
«ՆԱՇՐԱ» կայքին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ սպառնացած է կառավարութեան մաս չկազմել, եթէ Մարատան Քեսրուանը ներկայացնող երկու նախարարով չներկայացուի կառավարութեան կազմին մէջ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վառելանիւթ փոխադրող իրանեան նաւը մուտք գործած է սուրիական ջուրեր, ուր կը նախատեսուի նաւթը պարպել սիթեռններու մէջ եւ ցամաքով փոխադրել Լիբանան:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն չի քաջալերեր Լիբանանի կառավարութիւնը` իրանեան նաւթ ներածելու իմաստով, որովհետեւ անիկա ենթակայ է պատժամիջոցի: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանի մէջ արդար եւ թափանցիկ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու: