Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆահմի. «Ապահովական Կառոյցներէն Հրաժարող Ոստիկաններուն Համեմատութիւնը Վերջերս Աճ Արձանագրած Է»

September 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վառելանիւթ եւ դեղորայք չարաշահողներուն կողմէ լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած շրջափակումը երկրին քաղաքացիներուն վրայ բանեցուած շրջափակումին նման վատ ազդեցութիւն կը ձգէ:

«Ընդհակառակն` անիկա աւելի վատ ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկրին վրայ, որովհետեւ Լիբանանը ներսէն կը քանդէ», ըսաւ Ֆահմի` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը պիտի շարունակեն խուզարկել այն պահեստանոցները, որոնք վերածուած են վառելանիւթի ամբարման շտեմարանի:

Ան հաստատեց, որ այս իմաստով քաղաքական կամ կուսակցական ոչ մէկ ծածկոյթ կրնայ փրկել վառելանիւթ ամբարող յանցագործը: «Բոլորը օրէնքին առջեւ հաւասար են, եւ չկայ կարմիր գիծ մը, որ այս կամ այն յանցագործը կրնայ պաշտպանել», ըսաւ Ֆահմի:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի տագնապները արմատական լուծման կը կարօտին` նկատել տալով, որ երկիրը յուզող ներկայ տագնապները ծանր են եւ խիստ:

Ֆահմի շեշտեց, որ տիրող կացութիւնը իր անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ ոստիկաններուն վրայ` աւելցնելով, որ ապահովական կառոյցներէն հրաժարող ոստիկաններուն համեմատութիւնը վերջերս աճ արձանագրած է, նկատի ունենալով, որ սղաճին պատճառած ճնշումներուն լոյսին տակ ոստիկանները կը ստիպուին յաւելեալ եկամուտ ապահովելու մասին մտածել:

Ան զգուշացուց, որ ապահովական ու զինուորական կառոյցները պետութեան պաշտպանութեան վերջին գիծերը կը նկատուին, հետեւաբար պէտք է զանոնք ամրապնդել` կարելի բոլոր միջոցներով:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Թարեք Մաժզուպ. «Կրթութեան Մարզի Փլուզումը Պիտի Չարտօնեմ, Իսկ Ուսուցիչներուն Իրաւունքէն Եւ Աշակերտներուն Ուսման Իրաւունքէն Պիտի Չզիջիմ»

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.