Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ օր նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն, որ կառավարութիւն մը կազմուի` լուծելու համար երկրին տագնապները:
«Իսկ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնելու ոչ մէկ պատճառ կայ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի տրամադրած հսկայական դիւրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ցուցաբերած դրական պահուածքին լոյսին տակ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հաղորդագրութեան մէջ նկատել տրուեցաւ նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի եւ նախագահ Աուն կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները` համաձայնելու համար Ազգային ուխտն ու սահմանադրութիւնը յարգող կառավարութեան մը շուրջ, կառավարութեան կազմ մը, որ կարենայ կասեցնել երկրին փլուզումը եւ վերականգնել տնտեսութիւնը:
Համախմբումը ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերուն զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ բնակող լիբանանցիներուն կողմէ:
Համախմբումը կոչ ուղղեց խորհրդարանին ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնը եւ վաւերացնելու համախմբումին ներկայացուցած այն օրինագիծը, որ կը վերաբերի պետական մարզին մէջ գործող պաշտօնեաներուն եւ հանգստեան կոչուած քաղաքացիներուն ընկերային օժանդակութիւններ յատկացնելու հարցին:
Համախմբումը կոչ ուղղեց նաեւ արագօրէն մեկնարկելու հատուցման քարտի դրութիւնը` իբրեւ հիմնական միջոց ժողովուրդին նիւթական տագնապը մեղմացնելու:
Համախմբումը դիտել տուաւ, որ ելեկտրականութեան տագնապը լուծելու միակ միջոցը Ելեկտրականութեան ընկերութեան պէտք եղած գումարները տրամադրելն է, որպէսզի անիկա կարենայ նաւթ ապահովել եւ ելեկտրականութեան ծառայութեան ժամերը աւելցնել` զանոնք հասցնելով 12-16 ժամի, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել շատ մը մարզերու, ինչպէս` բժշկական, հաղորդակցութեան, ջուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան դիմագրաւած տագնապները:
Համախմբումը ընդգծեց, որ ամօթալի է Լիբանանի համար, որ մինչեւ օրս «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ը վաւերացնելու իմաստով ձախողութիւն արձանագրած է, հակառակ անոր որ «Քեփիթըլ քոնթրոլ»-ի օրինագիծը վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին մօտ կը գտնուի 7 յունիսէն ի վեր:
Համախմբումը նկատել տուաւ, որ երկրին մէջ վերջերս դրսեւորուած առանձնայատուկ երեւոյթները` ըլլան անոնք շրջաններու թէ քաղաքական կամ համայնքային պատկանելիութիւններու վերաբերող, մերժելի են, որովհետեւ անոնք կ՛առաջնորդեն դէպի ապահովական քաոսային իրավիճակ, ինչպէս որ էր պարագան Մաղտուշէի:
«Ապահովական այս քաոսը ոմանց երազն է, որպէսզի կարենան ուժ բանեցնելով բաժանում իրականացնել, իսկ համախմբումը` Լիբանանի միասնականութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին կառչածութեան իր յանձնառութենէն մղուած, կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական եւ օրէնսդրական առումով լուրջ երկխօսութեան մը սկսելու` բարեկարգումներով լեցուն նոր օրէնքներ մշակելու համար: Այս առիթով կը յիշենք անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրը, որ ըսած է հետեւեալը. «Լիբանանի մէջ լուծում կարելի չէ գտնել, բացի օրինականութեան հաստատումէն: Իսկ օրինականութիւնը կարելի չէ հաստատել, բացի փոքր պետութիւնները լուծելով, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոնց ձեւը, անունը, գործը կամ բաղադրութիւնը», կը նշէ համախմբումին հաղորդագրութիւնը:
Համախմբումը պահանջեց նաեւ, որ ապօրինի մրցակցութեան եւ չարաշահումի ոճիրին դէմ պայքարելու օրինագիծը վաւերացուի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին կողմէ լուրջ քննարկումի արժանանան դրամատուներուն մէջ հաշիւներ ունեցող քաղաքացիներուն գումարները վերադարձնելու պատկերացումները:



