Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Զինուորական, Ապահովական Եւ Դատական Կառոյցներէն Պահանջեց Թափանցիկութեամբ Վարուիլ Քաղաքացիներուն Հետ

Սեպտեմբեր 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ զինուորական, ապահովական եւ դատական կառոյցներէն պահանջեց թափանցիկութեամբ վարուիլ քաղաքացիներուն հետ` դեղորայքի, սննդամթերքի եւ վառելանիւթի պահեստանոցներ «ներխուժել»-ու եւ հոն ամբարուած մթերքը, դեղորայքն ու նաւթը գրաւելու իմաստով:

Նախագահ Աուն նկատել տուաւ, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ, թէ որո՛նք են դեղորայքի, մանուկներու կաթի, բժշկական պիտոյքի եւ վառելանիւթի չարաշահում կատարող պատասխանատուները, որոնք այդ ապրանքը կ՛ամբարեն: «Լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ անոնց ինքնութեան եւ անոնց ճակատագիրին մասին, որպէսզի իրենց պետութեան, կառոյցներուն եւ հաստատութիւններուն նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնեն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն պահանջեց նաեւ, որ լիբանանցիներուն ուշադրութեան յանձնուի գրաւուած ապրանքին ճակատագիրը` աւելցնելով, որ եթէ քաղաքացիները այս հարցումներուն պատասխանները չունենան, ապա անոնց միտքին մէջ հարցման նշաններ պիտի մնան եւ յաւելեալ բեռի վերածուին` զիրենք արդէն իսկ տառապեցնող բեռերուն կողքին: «Իսկ պետութեան եւ անոր կառոյցներուն նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը բոլորովին պիտի ցնդի», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ ինք պիտի չվարանի բոլոր ճշմարտութիւնները լիբանանեան հանրային կարծիքին ներկայացնելու, որպէսզի ան կեղծ լուրերու եւ սուտասանութեան գերին չդառնայ, այլ` ճշմարտութիւնը իմանայ անմարդկային ու անբարոյ այս արարքները գործողներուն եւ զանոնք ծածկողներուն մասին: «Այս քայլին պիտի դիմեմ, որովհետեւ անիկա փտածութեան դէմ պայքարելու մէկ այլ երեսն է: Փտածութեան դէմ պայքարը պիտի չդադրի` ինչքան ալ ծանրանան զայն ճնշող շանթաժները: Չարաշահումի հեղինակները, փտածներն ու յանցագործները հետապնդելը պատասխանատուութիւն է եւ կարեւոր է ու հիմնական, որ անոնք համապատասխան պատիժները ստանան», հաստատեց ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան եւ լիբանանցիներուն ապրուստին վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Սէյիտ յայտնեց, որ նախագահ Աուն պատրաստ է կառավարութիւն կազմելու` հաստատելով, որ հանրապետութեան նախագահին դէմ մղուած արշաւն ու ցեխարձակումները անվայել են:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար:

Նշենք, որ իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 43-ամեակին առիթով նախագահ Աուն թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց գրառում մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս տագնապալի օրերուն ազգային երկխօսութեան բաց, լիբանանցիներուն համերաշխութեան եւ ազգային գոյակցութեան հաւատացող եւ Լիբանանի իւրայատկութիւնը ըմբռնող անձնաւորութեան կարիքը կը զգացուի:

«Թող յիշատակի այս օրը ըլլայ բոլորիս ներշնչման աղբիւրը, որպէսզի գործենք Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին փրկութեան ի խնդիր», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 43-Ամեակին Առիթով. Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Տարակարծութիւնները Մէկդի Դնելու Եւ Այս Շաբթուան Ընթացքին Կառավարութիւն Կազմելու

Յաջորդը

Մենենտեզ Կիպրոսի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Կիպրահայութեան Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?