Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստանալով Կրթական Հարցերու Քննարկման Արտակարգ Համագումար Կայացնել` Նախագահ Աուն Ընդունեց Կրթական Հաստատութիւններու Մէկ Պատուիրակութիւնը

September 4, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց  կրթական հաստատութիւններու մէկ պատուիրակութիւնը: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան վերամուտի սեմին կրթական մարզի դիմագրաւած դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն վրայ` տարրական նիւթերու եւ անհրաժեշտ ֆինանսաւորումի բացակայութեան լոյսին տակ: Այս առիթով պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին յանձնեց կրթական մարզին շուրջ յատուկ ուսումնասիրութիւն մը, ուր հանգամանօրէն կը ներկայացուին այս մարզին դիմագրաւած դժուարութիւնները: Ըստ նշեալ ուսումնասիրութեան, ուսման տարեկան միջին թոշակը եւ յարակից ծախսերը զգալի յաւելում արձանագրած են լիբանանեան թղթոսկիի կրած ահաւոր արժեզրկումի լոյսին տակ:

Լսելէ ետք կրթական մարզի զանազան ճիւղերու դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները` նախագահ Աուն յայտարարեց, որ այս գծով արտակարգ եւ յատուկ համագումար պիտի կայացնէ` մօտէն քննելու դժուարութիւնները եւ համապատասխան լուծումներու շուրջ խորհրդակցելու համար:

Այս առիթով կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր համակարգող հայր Եուսեֆ Նասր պարզեց կրթական մարզի, յատկապէս կաթողիկէ վարժարաններու դիմակալած դժուարութիւնները` նշելով, որ գիրքերու սակագիները հինգ անգամով բազմապատկուած են բաղդատաբար  կրթական տարեշրջանի գիներուն: Նմանապէս հայր Նասր ընդգծեց, թէ 2020-2021 կրթական տարեշրջանի թոշակի մը տարեկան միջին գումարը կը հաշուէ 7,9 միլիոն լիբ. ոսկի եւ այս գումարը յարաճուն աճի  կամ յաւելումի ենթակայ է` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող դրամական տագնապը: Նմանապէս քննարկուեցաւ ուսուցիչներու «արտահոսքն» ու անոնց  կրած նիւթական դժուարութիւնները եւ ամսականներու համեմատական սակաւութիւնն ու անբաւարարութիւնը:

Հանդիպում`
Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Հետ

Միւս կողմէ, կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ երէկ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարեք եւ կրթական ցուցմունքներու տնօրէն  Հիլտա Խուրի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Դրամատուներու միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյր: Այս առիթով Մաժզուպ ներկայացուց կրթական մարզին, յատկապէս` ուսուցիչներու կրած նիւթական դժուարութիւնները լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման լոյսին տակ եւ այս գծով ներկայացուց կարգ մը պահանջներ: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը, լսելէ ետք կրթական մտահոգութիւնները, խոստացաւ համապատասխան լուծումներու շուրջ գործակցիլ:

 

Նախորդը

Ռաուլ Նաամէ Ընդգծեց Ելեկտրական Հոսանքի Յատուկ Հաշուիչներ Զետեղելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերու Մակընթացութեան Լոյսին Տակ. Ապրուստի Կենցաղային Հարցերը` Դարձեալ Պահանջներու Կիզակէտ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.