Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմամ Մուսա Սատըրի Անյայտ Կորսուելուն 43-Ամեակին Առիթով. Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Տարակարծութիւնները Մէկդի Դնելու Եւ Այս Շաբթուան Ընթացքին Կառավարութիւն Կազմելու

September 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն անյայտ կորսուելուն 43-ամեակին առիթով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ հաստատեց, որ լիպիական իշխանութիւնները պէտք եղածին չափ չեն գործակցիր լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն հետ` ամբողջացնելու համար իմամ Սատըրի անյայտ կորսուելուն հետաքննութիւնը:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ «Քորոնա» համաճարակն ու Լիպիոյ զինուորական զարգացումները կաղացուցած են հետաքննութիւնը` վերահաստատելով, որ իրենք կը վստահին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն եւ հետաքննիչ դատախազին աշխատանքին ու անկողմնակալութեան:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն պաշտպանելու  հետաքննիչ դատախազը որեւէ ճնշումէ կամ սպառնալիքէ:

Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ակնարկելով Պըրրի պահանջեց արդարութիւն հաստատել եւ պատժել յանցագործները: Ան շեշտեց, որ ոչ մէկ յանցագործ անձեռնմխելիութիւն կը վայելէ:

«Օր մը օրանց չըսինք, որ կը մերժենք անձեռնմխելիութենէ զրկել, ընդհակառակն` մեր պահանջածը այն էր, որ օրէնքն ու սահմանադրութիւնը գործադրուին, սակայն դժբախտաբար Լիբանանի մէջ մարդիկ իրաւացի թղթածրարները ընտրական աժան նպատակներու համար կ՛օգտագործեն, հաւանաբար նաեւ կասկածելի ծրագիրներ գործադրելու», ըսաւ ան:

Պըրրի ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ճշմարտութիւնը բացայայտելու համար պէտք է իմանալ, թէ ո՛վ նաւը լիբանանեան ջուրեր բերած է, որո՛ւն կը պատկանէր ամոնիում նայթրէյթը եւ ո՛վ արտօնած է այդ նիւթը այդքան երկար նաւահանգիստին մէջ պահել:

«Դատախազ Թարեք Պիթարէն կը պահանջուի օրէնքը գործադրել, սկսեալ` սահմանադրութենէն», ըսաւ Պըրրի եւ իր խօսքը ուղղելով Պիթարին աւելցուց. «Արդարութեան ձայնը լսէ առանց կողմնակալութեան, որովհետեւ եթէ այդպէս չկատարես, իբրեւ երկրի վրայ գործող դատախազ պէտք է վախնաս երկնքի դատախազէն»:

Անդրադառնալով լիբանանեան ներկայ տագնապալի իրավիճակին` Պըրրի շեշտեց, որ ոչ մէկը պատասխան ունի գոհացնելու լիբանանցիները մտահոգող հարցումները` երկրին ճակատագիրին, վարչակարգին, քաղաքացիական անվտանգութեան, քաղաքական կայունութեան, սիոնական վտանգին դէմ անոնց ապահովութեան մասին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի առեւանգումի եւ ներքին քանդումի դաւադրութեան մը դիմաց, հետեւաբար պէտք է անմիջապէս դիմել տարակարծութիւնները մէկդի դնելու նախաձեռնութեան մը եւ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութիւն մը կազմել` առաջնահերթութիւն ունենալով լիբանանցիները նուաստացնող հերթերուն վերջ մը դնելու, փտածութեան եւ սեւ շուկային դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: «Կը մերժենք սուտ վկաները ըլլալ` Լիբանանը ամէնօրեայ դրութեամբ հաւաքական սպանութեան ենթարկող քայլերուն», հաստատեց ան:

Դէպի Լիբանան վառելանիւթ փոխադրող իրանեան նաւերուն մասին Պըրրի ըսաւ, որ լիբանանցիներուն տրամադրուած որեւէ օժանդակութիւն (իրանեան, սուրիական, եգիպտական), որ կ՛օգնէ լիբանանցի ժողովուրդին իր դէմ ծառացող ծանր պայմանները դիմագրաւելու, ողջունելի է եւ ամօթալի չի նկատուիր, «բացի սիոնական թշնամիին օժանդակութենէն, որ բացարձակապէս մերժելի է», եզրափակեց խորհրդարանի նախագահը:

Նախորդը

Ապահովութեան Խորհուրդը Մէկ Տարիով Երկարաձգեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Առաքելութիւնը Եւ Անկէ Պահանջեց Լիբանանեան Բանակին Գումակային Օժանդակութիւն Տրամադրել

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Զինուորական, Ապահովական Եւ Դատական Կառոյցներէն Պահանջեց Թափանցիկութեամբ Վարուիլ Քաղաքացիներուն Հետ

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.