Ճարտարարուեստի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Հետ Ժողով Մը Գլխաւորելով` Պուչիքեան. «Կը Ջանանք Ուժեղացնել Ճարտարարուեստի Մարզին Կարողութիւնները Եւ Նուազեցնել Խոչընդոտները»
Ճարտարարուեստի նախարար Ժորժ Պուչիքեան նախագահեց Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու ընկերակցութեան պատասխանատուներուն եւ համանուն խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ֆատի Ժեմայէլի հետ աշխատանքի նիստի մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան այս մարզի աշխուժացման գործնական քայլերն ու զարգացման հեռանկարները: Այս առիթով նախարար Պուչիքեան ընդգծեց, որ ճիգ պիտի չխնայէ զարկ տալու ճարտարարուեստի մարզի վերաշխուժացման եւ անոր կարողականութեանց ու հմտութիւններու բացայայտման քայլերուն: Նախարար Պուչիքեան նաեւ խոստացաւ որոնել այս մարզի գործունէութիւնը...



















