Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 26, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՔՈՐՈՆԱ» համավարակը կը շարունակէ զոհեր խլել Լիբանանի մէջ: Վերջին տեղեկութեանց համաձայն, երէկ 235 նոր վարակում եւ 6 մահ պատահած է, ինչպէս կը նշէ առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: Խօսելով այս մասին` տոքթ. Ապտել Ռահման Պըզրի յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ բնակչութեան 40 առ հարիւրը կրկնակիօրէն պատուաստուած է, մինչ 30 առ հարիւրը ցարդ ստացած է պատուաստումի առաջին չափաբաժինը: Տոքթ. Պըզրի կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն անպայման ամբողջացնելու պատուաստումի երկրորդ չափաբաժինը եւ պատրաստուելու երրորդ չափաբաժինին, որ ներկայ հանգրուանին պարտադիր չէ, բայց օգտակար է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի գրասենեակը հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ ցաւակցական հաղորդակցութեամբ կապ պահած է խորհրդարանի նախագահին հետ:

ՔԱՂՑԿԵՂԻ դեղորայքի հարցը գրեթէ լուծուած է` տրուած ըլլալով, որ Կեդրոնական դրամատունը համաձայն գտնուած է տրամադրելու նշեալ դեղերը ներածելու անհրաժեշտ պիւտճէն: Այս «աւետիսը»-ը հաղորդեց խորհրդարանական առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ասեմ Արաժի «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումով: Ըստ Արաժիի, դեղերը Լիբանան կը հասնին ընթացիկ շաբաթավերջին:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած բանակայիններ երէկ Պաալպեքի մէջ կազմակերպեցին ցոյց մը` բողոքելով ապրուստի, կենցաղային պայմաններու վատթարացման եւ յատկապէս լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման դէմ:

ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ երէկ Էշրեֆիէի, «Ռինկ»-ի կամուրջի, Սէյֆիի, Ժմմէյզէի, Ալէյի հրապարակի, Սայտայի «Նըժմէ» հրապարակի, Պաալպեքի եւ լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ փակեցին բանուկ մայրուղիներ` բողոքելով լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկման դէմ: Նշենք, որ մեծամասնութեամբ հանրային երթեւեկի վարորդներուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի այդ ելոյթները երթեւեկի զգալի խճողում ստեղծեցին նշեալ շրջաններուն մէջ, մանրանկար մը պարզելով վաղը` չորեքշաբթի օր նախատեսուող «ցասումի օր»-ուան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ համալսարանի պայմանագրեալ դասախօսներ երէկ բողոքի ելոյթով մը պահանջեցին վերատեսութեան ենթարկել իրենց կարգավիճակը` ամրագրելով իրենց հանգամանքը իբրեւ մնայուն դասախօս եւ կատարելով նիւթական հատուցման անհրաժեշտ սրբագրումներ: Կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապի յայտնեց, որ ինք կը զօրակցի դասախօսներու պահանջին, սակայն որոշ ժամանակ խնդրեց դասաւորելու համար առաջարկուող պահանջները:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Թայյունէի Հարցը Հետզհետէ Աւելի Սուր Բնոյթ Կը Ստանայ. Սամիր Ժահժահ Հարցաքննութեան Կանչուեցաւ, Իսկ Սէյիտ Նասրալլայի Դէմ Դատական Հայց Յարուցուեցաւ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?