ԱՆՑՆՈՂ տարուան ընթացքին Լիբանանէն արտագաղթած են 47 հազար լիբանանցիներ, որոնց 70 առ հարիւրը երիտասարդներ են, յայտնեց տնտեսական վիճակագրութեանց մասնագէտ Մոհամետ Շամսէտտին պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
ՈՒԱՏԻ Ժամուսի Թարթուսի աշիրեթը շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը պետական պատկան մարմիններուն կոչ ուղղեց հետապնդելու իրենց հարցը: «Հինգ զոհերէ եւ բազմաթիւ վիրաւորներէ ետք մեր դատը կը վստահինք պետական արդարադատութեան` կոյր հաւատքով», նշուած է աշիրեթին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախագահ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղեկատուութեան գրասենեակը շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը հանգստացուց «մտահոգ» համակիրները, թէ` «Հարիրիի առողջական վիճակը լաւ է»: Հաղորդագրութիւնը դիտել տուաւ, թէ այս մասին տեղեկութիւնները կը վերագրուին 2019 թուականին: Արդարեւ, անցնող շաբթուան ընթացքին շրջան ըրած էին տեղեկութիւններ, ըստ որոնց` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առողջական վիճակը վատթարացած է, եւ ան հապճէպ հիւանդանոց փոխադրուելով վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած է Փարիզի մէջ:
ԵԼԵԿՏՐԱԾԻՆ շարժակներու մէկ քիլոուաթին սակագինը կրնայ շրջանցել 6000 լիբ. ոսկին` հասնելով մինչեւ 7 կամ 8 հազարի սահմանը, յայտնեց ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու համախմբումի նախագահ Ապտօ Սաատէ երէկ: Սաատէ մտավախութիւն յայտնեց, որ շարժակները դադրին ելեկտրականութիւն հայթայթելէ քաղաքացիներուն յառաջիկայ նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ վերջին 24 ժամերուն «Քորոնա» ժահրի համավարակով վարակուած է 507 նոր պարագայ եւ պատահած է 4 մահ:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ Պրիթել շրջանին մէջ 13-ամեայ պատանի մը` Հատի Խալիլ, երէկ զոհ գնաց անորոշ սարքի մը պայթումին: Ըստ Պրիթելի գիւղապետին, հաւանական է, որ արկածը պատահած է ձեռնառումբի մը կամ «Պէ.7» տիպի հրթիռի պայթումին պատճառով: Պատանին շրջանի աղբակոյտերուն մէջ կը փորձէր երկաթեայ մետաղներ գտնել, հաւաքել ու վաճառել` հոգալու համար իր հինգ եղբայրներուն սնունդի ծախսը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ գիւղական շրջաններու մէջ կարգ մը ծնողներ իրենց զաւակներու դպրոց երթեւեկին համար կ՛օգտագործեն աւանակները: «Հարիւր տարի ետ գացած ենք եւ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառով աւանակին կը դիմենք», դիտել տուաւ գիւղացի մը:


