Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Կը Զգուշացնէ Իսրայէլը` Վիճարկելի Տարածքներու Մէջ Պեղումներու Ձեռնարկելէ

Հոկտեմբեր 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան Մոհամետ մարգարէի ծննդեան առիթով կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին արտասանած իր ճառին մէջ անդրադարձաւ երկրի վերջին իրադարձութեանց, ապահովական թէ քաղաքական առումով: Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլայի պատասխանատուները կը հետեւին Թայյունէի դէպքին հետեւանքներուն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կասկածելիներու դէմ դատական հայցերուն: Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ այս գծով քաղաքական, ժողովրդային ու քարոզչական հետեւութիւնն ու դատապարտումը պէտք է շարունակուի` բացայայտելու համար իսկական յանցագործները: Նշենք, որ երէկ առաւօտեան լրատուական կարգ մը տեղեկութիւններ յայտնեցին, թէ «Թայյունէի դէպքերուն գծով Ժահժահի դէմ դատական հայցը առայժմ սառեցուած է»: Աւելի ուշ դատաւոր  Օուէյտաթի գրասենեակը հաղորդեց, որ նշեալ լուրը ճշգրիտ չէ:

Միւս կողմէ, սէյիտ Նասրալլա երէկ նաեւ անդրադարձաւ հարաւի ծովային սահմանագծումի բանակցութեանց` նշելով, որ իրենք դիտողի հանգամանքով կը հետեւին այս մասին հաղորդուող տեղեկութիւններուն` առանց ուղղակիօրէն միջամուխ դառնալու անոնց: «Սակայն եթէ թշնամին փորձէ սահմանային խնդրայարոյց թէ վիճարկելի սահմաններու մէջ պեղումներ կատարել, ապա յստակօրէն կը յիշեցնեմ, թէ մեր ուժերուն մասին նախորդ ճառիս մէջ նշած Հըզպալլայի թուական պատկերը նպատակ ունի Լիբանանը պաշտպանել թշնամիին դէմ, արդ` մենք ձեռնածալ պիտի չմնանք, եթէ փորձուին պեղումներ կատարելու հրահանգ տալ որեւէ ընկերութեան սահմանային վիճարկելի տարածութեան մէջ», ընդգծեց Նասրալլա, յայտնապէս ակնարկելով Իսրայէլի:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պատուիրակութեան Մը Պաղտատ Մեկնումի Մաղթանքով` Ճարտարարուեստի Նախարար Ճորճ Պուչիքեան Քննարկեց Իրաքի Հետ Առեւտուրի Զարգացման Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Վարչապետարանին Մէջ Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին Տուած Այցելութեան Առիթով. Երեսփոխան Բագրատունի. «Դրական Նախանշաններ Կան Կառավարութեան Նիստերու Վերսկսման Գծով»

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?