Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Շարունակուող Լարուած Մթնոլորտին. Հանդարտեցման Եւ Կայունացման Ճիգերը Կը Շարունակուին Մէկէ Աւելի Ուղղութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

14 հոկտեմբերի արիւնալի դէպքերէն ետք լուրջ մտավախութիւններ կը տիրէին կացութեան վատթարացման գծով, ժողովրդային թէ ղեկավար մակարդակներու վրայ, սակայն խորհրդարանի երէկուան նիստը եւ տրուած որոշումներու մթնոլորտը որոշ գոհունակութիւն ներշնչեցին քաղաքացիներուն եւ պատասխանատուներուն միաժամանակ: Արդարեւ, խորհրդարանի նիստը գումարուեցաւ առանց քաղաքական մտահոգիչ կեցուածքներու կամ լարուած տրամադրութիւններու: Փաստօրէն, նախքան նիստին մեկնարկը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քուլիսային տեսակցութիւններ ունեցած էր առնչակից կողմերու պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս` գլուխ-գլխի հանդիպում մը` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի հետ: Աւելի՛ն, խորհրդարանի նախագահին ժողովավարական ճկուն ու հմուտ մօտեցումը հարցերուն, որոշ չափով մեղմացուց անցնող օրերու լարուած տրամադրութիւնները եւ ժողովին ընթացքը դարձուց աւելի հեզասահ: Պըրրիի այս կեցուածքին կարեւորութիւնը առաւել եւս շեշտուեցաւ յատկապէս այն տեղեկութիւններու լոյսին տակ, ըստ որոնց Լիբանանեան ուժերու անդամ երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի իր ատրճանակով կը մասնակցէր խորհրդարանի լիագումար նիստին: Անոր այս քայլը չէր վրիպած երեսփոխաններու աչքէն, որոնցմէ ` երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ ըսաւ. «Կը թուի, թէ Լիբանանեան ուժերու այս խիզախ ղեկավարը կը շփոթէ խորհրդարանին եւ Լիբանանեան ուժերու նախկին զինուորական կեդրոնատեղիին միջեւ»:

Խորհրդարանը երէկ որոշեց յառաջաձգել յառաջիկայ մայիս 2022-ին նախատեսուած  խորհրդարանական ընտրութիւններու թուականը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն գծով որոշեց, որ անոնք  վեցի փոխարէն ընտրեն 128 երեսփոխան: Որոշում մը, որ թեր ու դէմ կարծիքներու դուռ բացաւ: Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ պիտի առարկէ եւ չեղեալ յայտարարելու համար գրաւոր բողոք պիտի ներկայացնէ այս որոշումին դէմ: Խորհրդարանը երեսփոխանական ընտրութիւններու  նոր թուական որոշեց 27 մարտ 2022-ը: Այս որոշումը ի զօրու կը դառնայ նախագահ զօր. Միշել Աունի վաւերացումէն ետք: Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, նախագահ Աուն կրնայ այս որոշումը չվաւերացնել ու զայն վերադարձնել խորհրդարան:

Իսկ կնոջական քոթայի (չափաբաժին) որոշումը դարձեալ ձախողեցաւ, երբ անոր «հրատապ» հարցի հանգամանքը անտեսուեցաւ:

Աւելի ուշ, վարչապետ Միքաթի յայտարարեց, թէ ճիգ պիտի չխնայէ ընտրութիւնները որոշուած թուականին կայացնելու:

Միւս կողմէ, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ շարունակեց իր մագոգային այցելութիւնները առնչակից կողմերու պատասխանատուներուն: Արդարեւ, երկուշաբթի երեկոյեան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին տուած իր այցելութենէն ետք, Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան այցելեց նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննեց երկրին մէջ տիրող քաղաքական թէ ապահովական վերջին զարգացումները: Ըստ լրատուական իրազեկ աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիոյ մօտիկ անձնաւորութիւն մը Ժոմպլաթին յայտնած է, թէ` «ժամանակը եկած է վերակենդանացնելու Մարտ 14-ի խմբաւորումը»: Ժոմպլաթ մտավախութիւն յայտնեց «շրջուն արձակազէններու» գոյութեան գծով եւ թելադրեց հաշտութեան հանդիպումներ եւ յանձնախումբեր կազմել լարուած շրջաններու, յատկապէս Այն Ռմմանէ-Շիահ-Թայյունէի բնակիչներուն միջեւ:

Նաեւ` Ապահովական Մակարդակի Վրայ

Նախագահ Միշել Աուն երէկ քուլիսային խորհրդակցութիւններու ձեռնարկեց մօտէն հետեւելով Թայյունէի ապահովական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ` Հալպայի Ուատի Ժամուս շրջանին մէջ բռնկած ապահովական զինեալ բախումներուն: Ան թելադրեց անյապաղ անհրաժեշտ քայլերու դիմել կասեցնելու համար բախումները:

Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, բանակը խիստ աչալուրջ կը հետեւի երկրի ապահովական զարգացումներուն:

Նմանապէս, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հանդիպումներու ձեռնարկեց պատկան պատասխանատուներուն հետ` մօտէն տեղեկանալով Աքքար- Հալպայի Ուատի Ժամուս շրջանին մէջ բռնկած զինեալ բախումներու ծալքերուն: Վարչապետ Միքաթի բանակի ընդհանուր հրամանատարին հետ քննեց Ուատի Ժամուսի ապահովական նորագոյն իրադարձութիւնները, ըստ որոնց երկու զոհ եւ եօթը վիրաւոր արձանագրուած էր շրջանի աշիրեթներուն միջեւ բռնկած բախումներուն պատճառով: Միքաթի կոչ ուղղեց շրջանի բնակիչներուն` «համերաշխութեամբ մօտենալու հարցերու լուծման, որովհետեւ վրէժխնդրութիւնը առաւել եւս կը բարդացնէ հարցերը»:

Իր կարգին, երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ կոչ ուղղեց վերացնելու Թայյունէ-Շիահ սահմանագիծի տպաւորութիւն ձգող անցարգելի սարքերը: «Ճիշդ է, որ բանակը պէտք է դիրքեր հաստատէ կանխարգիլելու համար որեւէ միջադէպի հրահրման հաւանականութիւնը, սակայն այդ սարքերուն երեւոյթը խիստ վտանգաւոր է, որմէ բանակի ղեկավարութիւնը թերեւս տեղեակ ալ չէ», ընդգծեց երեսփոխան Սէյիտ:

Նախորդը

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ

Յաջորդը

«Հայաստանի Հանրապետութիւնն Ու Ռուսիան Տարբեր Ուղղութիւններով Արդիւնաւէտ Համագործակցութիւն Հաստատած Են» Կ՛ըսէ Փութին

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?